2016-04-13 09:13:00

ՄԱԿ-ը մտահոգուած է Ղարաբաղեան տագնապի վերսկսման փաստով


«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան առնչուած յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին մարտերուն պատճառով քանի մը հարիւր մարդ, հիմնականին մէջ կիներ, երեխաներ ու մեծահասակ մարդիկ, լքած են իրենց բնակավայրերը` կոչ ուղղելով կողմերուն «ապահովելու անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը»:

Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը մտահոգուած է տագնապի վերսկսման փաստով, որուն պատճառով քանի մը տասնեակ մարդիկ սպաննուած են, մեծաթիւ քաղաքացիներ դարձեալ ստիպուած եղած են լքելու իրենց տուները»:

Կը նշուի, որ անոնցմէ ոմանք վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին քանի մը անգամ հեռացած են իրենց տուներէն: Կ՛ըսուի նաեւ, որ վերջին լարուածութեան ընթացքին մարդոց մէկ մասը հեռացած է դէպի Լեռնային Ղարաբաղի աւելի ապահով բնակավայրեր կամ Հայաստան, ոմանք ալ` դէպի Ազրպէյճանի աւելի ապահով վայրեր:

ՄԱԿ-ի գերագոյն յանձնակատարը «բոլոր կողմերուն» կոչ կ՛ուղղէ յարգելու աւելի ապահով վայրեր տեղափոխուելու մարդոց իրաւունքը եւ անոնց անհրաժեշտ պաշտպանութիւն ցուցաբերելու:

ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գործակալութիւնը իր օժանդակութիւնը կ՛առաջարկէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն` նոր տեղահանուած անձերու կարիքները հոգալու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.