2016-04-13 08:46:00

Կարդինալ Ասիզ-ի գնահատումով Պրազիլի մէջ կորսուած է քաղաքականութիւն բառին նշանակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կաշառակերութեան երեւոյթը Պրազիլի եպիսկոպոսներու գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղած է, անոնք այս օրերուն մէջ Aparecida-ի մէջ գումարած են իրենց 54-րդ եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովը, մինչ երկրին մէջ` քարիւղի հայող գայթակղութեան մասին հետազօտութիւնը կը շարունակուի։ Այդ ուղղութեամբ կարդինալ Ասիզ` առաջնորդը Aparecida թեմին հետեւեալ ելոյթը ունեցաւ. ''Քարիւղի գայթակղութիւնը, որուն մաս կը կազմեն բազմաթիւ քաղաքական ղեկավարներ. հրաւէր մըն է հարցադրելու քաղաքականութիւն բառին նշանակութեան մասին։ Մեր երկրի քաղաքական դասը մոռցած է քաղաքականութիւն բառին իսկական իմաստը։ Քաղաքականութիւն կը նշանակէ աշխատիլ երկրի բոլոր ժողովուրդին բարիքին համար։ Բազմաթիւ են այն քաղաքական մարդիկը որոնք հետամուտ են հանրային պաշտօնի մը տէր դառնալու` իրենց սեփական շահերուն համար, կամ այդ կամ այն ընկերութեան առանձնական շահերուն համար, բնաւ չեն հետաքրքրուած ազգին բարիքով, եւ Պրազիլի ժողովուրդին բարօրութեամբ ու բարգաւաճումով։ Հարկաւոր է որ Պրազիլը վերագտնէ իմաստը քաղաքականութեան, այսինքն հասարակութեան ծառայութիւնը, ծառայութիւն մը հասարակաց բարիքին համար։ Մինչ այժմ կը պատրաստուինք քաղաքական ընտրութիւններուն յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին, պրազիլցիները պէտք են պետական պաշտօնեաներէն պահանջել իրենց պատրաստուած ծրագիրին իրականացումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.