2016-04-12 09:46:00

Վատիկանեան պատմական յայտարարութիւն


2015.12 ապրիլ էր ամիսը:

Հայոց աւագանին, կաթողիկոսներ, հոգեւորականներ, պետական, աշխարհական ու կուսակցական անձնաւորութիւններ` գլխաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահին` Սերժ Սարգսեանին, ժամանած աշխարհի չորս ցամաքամասերէն փութացած էին Հռոմ` մասնակցելու քահանայապետական Ս. պատարագին, զոր պիտի մատուցէր Ֆրանչիսկոս պապը, 1915-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յոբելեանին առիթով:

Ամբողջ հայութեան միտքն ու սիրտը կեդրոնացած էին Ս. Պետրոսի Պազիլիքայի արուեստագէտ Պերնինիի հոյակերտ խորանին վրայ` խորանը ճշմարտութեան ու արդարութեան, փարոսը ազգերուն ու ժողովուրդներուն:

Քահանայապետական տպաւորիչ ու շքեղ թափօրը սկսաւ առաւօտեան ճիշդ ժամը 9:00-ին, կազմուած` սարկաւագներէ, քահանաներէ, եպիսկոպոսներէ, կարտինալներէ, հայ կաթողիկէ սիւնհոդոսական հայրերէն, նախագահութեամբ` երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի կաթողիկէ հայոց, ապա Ֆրանչիսկոս պապը` իր կողքին ունենալով ՆՍՕՏՏ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը եւ ՆՍՕՏՏ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը:

Սրբազան արարողութիւնը սկիզբ առաւ հռչակելով Ս. Գրիգոր Նարեկացին իբրեւ «Վարդապետ տիեզերական եկեղեցւոյ»:

Ապա Ֆրանչիսկոս քաջարի պապը, իր բացման ճառին մէջ մէջբերելով մեզ համախմբող տխրահռչակ պատմական դէպքը` հազիւ արտասանած «Ցեղասպանութիւն» բառը, որակելով 1915-ին հայոց ջարդը իբրեւ դատապարտելի ցեղասպանութիւն մը` նախածրագրուած ու գործադրուած 20-րդ դարու արշալոյսին թուրք պատասխանատուներու կողմէ, Էրտողանի կառավարութիւնը եւ թրքական դեսպանութիւնները շփոթի մատնուեցան, եւ բողոքներու տեղատարափ յարձակումը այսուհետեւ ապարդիւն դարձաւ պաշտպանելու սուտը, քողարկելու կեղծիքը եւ հարիւրամեայ կուտակուած ուրացումը:

Վատիկանեան պատմական այս յայտարարութեան դիմաց, մենք` 21-րդ դարու հայերս` վերապրող սերունդը, կոչ կ՛ընենք Էրտողանին, անոր կառավարութեան եւ բարի կամք ունեցողներուն, որ խոստովանին ու խոնարհին հայերուն նահատակութեան դիմաց, նահատակներ, որոնք ինկան, կացինահարուեցան, ու գաղթականութեան փշալից ու տառապալից ճանապարհները բռնեցին` պաշտպանելու արժէքները հայրենասիրական, մարդկային, ընկերային, ու ընտանեկան: Խոնարհին նաեւ այն հայորդիներուն առջեւ, որոնք թօթափելով գաղթականութեան լուծը այսօր, տարբեր երկիրներու մէջ տնտեսական, քաղաքական ու արհեստագիտական բարձր ու գնահատելի դիրքեր կը գրաւեն:

Էրտողան, ժամը հնչած է այլեւս խոստովանելու, հատուցելու եւ գրաւեալ հողերը վերադարձնելու իրենց սեփականատէրերուն: Մինչեւ ե՞րբ պիտի պաշտպանէք անցեալին ու ներկային ՏԱՀԵՇ-ի արիւնարբու գազանութիւնները` ծնունդ առած ձեր քաղաքակրթութեան արգանդներէն եւ սնած ձեր վայրագ ու մարդամերժ սկզբունքներուն մոլեռանդութիւններէն` ոտնակոխելով եւ ուրանալով դարաւոր իրաւունքները եւ լուսաշող քաղաքակրթութիւնը հայերուն, որոնք դարերու հոլովոյթին այլ փոքրամասնութիւններու հետ կերտեցին փառքը եւ հիւսեցին պատիւը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին:

Ձեր արիւնաթաթախ պատմութիւնը ձեզ կը դատապարտէ: Եւ ձեր հնարամտութիւնը կեղծելու, խեղաթիւրելու եւ գեղեցկացնելու այդ հրէշային պատմութիւնը ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կարգախօսներով, օգտակար պիտի չդառնան այլեւս ձեզի փախչելու աստուածային եւ մարդկային զայրոյթէն ու արդարութենէն, Յարուցեալ Նազովրեցիի մտրակը ձեզ եւ ձեր դաւաճան ու ոճրագործ մեղսակիցները պիտի վտարէ ժողովուրդներու եւ ազգերու տաճարներէն:

Հռոմ, 12 ապրիլ 2016

 

Հ. ԳԷՈՐԳ Ծ. ՎՐԴ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ








All the contents on this site are copyrighted ©.