2016-04-12 10:11:00

Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը


Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

Եւրոպական խորհրդարանի պաշտօնական կայքին համաձայն, խորհրդարանի 12 ապրիլի նիստի օրակարգին վրայ ներառուած է Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ 12 ապրիլին պիտի քննարկուի ղարաբաղեան հիմնահարցը, իսկ 13 ապրիլին կը սպասուի «Թուրքիա 2015» տարեկան զեկուցումի քննարկումը:

«ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Գասպար Կարապետեան ներկայ պիտի ըլլայ եւ տեղւոյն վրայ պիտի հետեւի ընթացքին», ըսած է Պետօ Տեմիրճեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.