2016-04-12 11:59:00

12 Ապրիլ 2015 Սուրբ Պետրոս տաճարի սիրտը տրոփեց հայկականութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Մէկ տարի անցաւ ահա, հայ ազգի ոսկեմատեաններու մէջ արձանագրուած եւ պատմութիւն դարձած` 12 ապրիլ 2015-ի թուականէն, երբ Քրիստոնէութեան սիրտ` Հռոմի, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի  Մայր Տաճարին մէջ, ընդհանրական եկեղեցւոյ հովուապետ` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, գլխաւորեց`  հայոց նահատակներուն յիշատակին նուիրուած, մեծ Եղեռնի հարիւրամեակին առթիւ մատուցուած, Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին ապա, Հայ ազգի անուանի զաւակ եւ կրօնաւոր` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին,  հռչակուեցաւ “Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ”։

Համայն հայութիւնը` մայր հայրենիքէն սկսեալ, անցնելով Արցախէն ու մինչեւ սփիւռքի ամենահեռաւոր վայրին մէջ ապրող հայորդին, յուզումով հետեւեցաւ այդ արարողութեան եւ ունկնդրեց Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած պատմական արի խօսքերը, որոնք դրոշմուեցան պատմութեան էջերուն մէջ, ու դարձան անկիւնաքար։ Ոչ մէկ ուրիշ ձեռնարկ, ոչ մէկ ուրիշ ճառ կամ պատգամ, կարողացաւ գերազանցել այդ անմոռանալի պահը։ Ոչ մէկ այլ դէպք մը այդքան հարուստ իմաստ ունեցաւ երբ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին, Սուրբ Պետրոսի տաճար մուտք գործեցին հայ եկեղեցւոյ երեք հայրապետները` Ն.Ս. Օ. Տ.Տ. Գարեգին Բ եւ Ն.Ս. Օ.Տ.Տ Արամ Ա, գլխաւորութեամբ երջանկայիշատակ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս Պատրիարքին, որուն խնդրանքով տեղի կ՛ունենար արարողութիւնը, մինչ առաջին շարքերուն վրայ տեղ գրաւած էին  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեանը ու անոր ընկերացող պետական պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս նաեւ` եպիսկոպոսներ, քահանաներ, Հայաստանէն, Արցախէն ու համայն աշխարհէն Հռոմ ժամանած բազմահազար հայորդի հաւատացեալներ։ Սուրբ Պետրոս տաճարի սիրտը կը տրոփէր հայկականութեամբ։

2015-ը` հարիւրամեակի տարին էր։ Հայասէր Ֆրանչիսկոս Պապը քաջ տեղեակ էր՝ թէ ի՞նչ կը նշանակէր այդ թուականը հայութեան համար։ Նախ քան սուրբ պատարագի արարողութիւնը սկսիլը, Սուրբ Պետրոսի խորան բարձրանալով, Ան անակնկալ օրէն ուզեց իր սրտի պատգամը ուղղել համայն Հայ ազգին, զարմանքի մատնելով բոլոր ներկաները եւ նոյնիսկ արարողութիւնը մեկնաբանող լրագրողները։ Յուզումնալից պահը դարձաւ պատմութիւն, առ առաւել, պատմութեան մէկ էջի դատապարտում. Էջի մը որ հարիւր տարի է ի վեր արիւն կը հոսեցնէ հայու ու մարդկութեան սրտէն եւ վրէժխնդրութիւն ու ատելութիւն կը յառաջացնէ այն անձերուն մէջ, որոնք բարոյական ժառանգորդներ են  անոնց` որոնք իրագործեցին տմարդկային ոճիր մը, սպաննելով աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն անմեղ անհատներ եւ որոնք տակաւին չեն ուզեր ճանչնալ ակնյայտ իրականութիւն մը ու ներում հայցել զոհերու զաւակներէն ու թոռնիկներէն։ Այդ ոճիրը կոչուեցաւ ցեղասպանութիւն, ու մենք` հայերս­, զայն որակեցինք Մեծ Եղեռն։

Եւ այդ Մեծ Եղեռնի յիշատակին համար էր որ` 12 ապրիլ 2015-ին, համայն հայութիւնը համախմբուած էր Ֆրանչիսկոս Պապին շուրջ, այդ բիւրաւոր նահատակներու յաւերժական ճրագը վառ պահելու ուխտով։ Եւ Սրբազան Քահանայապետը յուսախաբ չթողուց այդ առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակները, որոնք Քրիստոսի խաչը կրեցին ու կը շարունակեն զայն կրել վեհանձն օրէն։ Ֆրանիսչկոս Պապ, ուրիշներու նման չուզեց քաղաքականութեան պատնէշին ետին պահուըտիլ այլ՝ ուզեց արտայայտել ու համարձակօրէն հռչակել ճշմարտութիւնը, չզլացաւ ''Ցեղասպանութիւն'' բառը օգտագործելէ ու հայոց ողբերգութիւնը որակելէ ''Ի. դարու առաջին ցեղասպանութիւն''։

Մէկ տարի անցաւ այդ յիշատակելի թուականէն եւ ահա նոր ուրախալի լուր մը եկաւ ոգեւորելու Հայ ազգի զաւակներու սրտերը։ Ֆրանչիսկոս Պապ` 24-26 Յունիս 2016 պիտի այցելէ Հայաստանը, հանդիսանալով Սուրբ Պետրոսի յաջորդներէն երկրորդը` որ կ՛այցելէ Հայ ազգի առաքեալ` Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մայրենի հողը։

Յարգանք հայ ազգի բիւրաւոր նահատակներուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.