2016-04-11 20:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 ապրիլի թուիթները։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 11 ապրիլ 2016-ին Քահանայապետական @pontifex թուիթերեան կայքին վրայ, լոյս տեսաւ նոր թուիթ մը` քաղուած միշտ ''սիրոյ ուրախութիւնը'' յորդորագիրէն­, որուն մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հաստատէ թէ ապահարզան եղած անձերը, որոնք նոր միութիւն մը կազմեցին, նզովուած չեն` եւ թէ մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ։

''Ապահարզան եղած անձերը որոնք նոր միութիւն մը կ՛ապրին, Եկեղեցւոյ մաս են, նզովուած չեն'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

 

Քահանայապետական թուիթերաեան կայքի վրայ հրատարակուեցան ապա այլ թուիթներ.

''Գիտնալ ներել եւ ներուած զգալ, հիմնական փորձառութիւն մըն է ընտանեկան կեանքէն ներս''։

''Ընտանիքի բարիքը որոշիչ է աշխարհի եւ եկեղեցւոյ ապագայի համար''։

''Հաւատարմութիւնը զօդուած է համբերութեան։ Այս հաւատարմութիւնը որ լի է զոհողութիւններով եւ ուրախութիւններով տարիքի բերումով  ծաղկուն կը դառնայ''։

 

Յետմիջօրէին եւս հրատարկուեցան այլ երկու թուիթներ, քաղուած միշտ ''Սիրոյ Ուրախութիւնը'' յորդորագիրէն։  

''Զաւակները Աստուածոյ սքանչելի պարգեւ մըն են, ծնողներու համար ուրախութիւն''։

''Ընտանիքը առաջին վայրն է ուր կը սորվինք մտիկ ընել, բաժնեկցիլ, համբերատար ըլլալ, յարգել եւ օգնել''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.