2016-04-11 12:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 ապրիլի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 11 ապրիլ 2016-ի  առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Յուդայի  զղջումին մասին՝ Յիսուսը քահանայապետերուն յանձնելէ ետք։

Ֆրանչիսկսո Պապ յայտնեց իր խոր ցաւը` երբ կը կարդայ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ գրուած Յուդային մասին հաստուածը, որովհետեւ Յուդան,  Յիսուսը մատնելէն ետք քահանայապետերու մօտ գնաց եւ անոնց յայտնեց իր զղջումը, եւ անոնց ուզեց վերադարձնել իրեն տուած գումարը։ Սակայն քահանայապետերը՝ փակ սիրտ ունենալնուն պատճառաւ, զղջացած Յուդային  ձգեցին իր ճակատագրին եւ անոր անձնասպան ըլլալէն ետք,  անտարբեր մնացին եւ յուդային ստացած դրամը ետ չի վերադարձուցին տաճար,  որովհետեւ անոնք արեան գին էին եւ օրէնքի համաձայն  կարելի չէր ետ առնել։

Ֆրանչիսկոս Պապ  շեշտեց թէ Քահանայապետերուն հոգը չէր Յուդայի անձը եւ ոչ իսկ անոր զղջումը։ Անոնց կը հետաքրքրէր  լոկ օրէնքը ու իրենց խօսքերը,  եւ այս էր իրենց սրտի խստութեան պատճառը։  Սրբազան Հայրը ապա  անդրադառնալով  պատմութեան մէջ գրուած  անթիւ մարդոց՝ որոնք անմեղ ըլլալով հանդերձ սպաննուած եւ դատապարտուած են,  Աստուծոյ խօսքին համաձայն,  Աստուծոյ դէմ գործած յանցագործութեան համար, օրինակ բերաւ Յիսուսը.  որ `Աստուծոյ խօսքին հաւատարիմ գտնուելուն եւ Անոր հնազանդելուն հետեւանքով դատապարտուեցաւ խաչին վրայ մահուան։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկսո Պապ մէջբերեց  Յիսուսի Խօսքերը  ըսուած Էմմաուսի աշակերտներուն յարելով Որքան քնքշութեամբ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ` ''ով անմիտ մարդիկ եւ հեղգասիրտ'' (Ղուկ 24, 25) Ան ապա հրաւիրեց Հայցել Տիրոջմէ որ նոյն քնքշութեամբ նայի մեր  անմիտ եւ յիմար սրտերուն, մեզ շոյէ ու մեզի ըսէ ''Ով կարծր եւ յիմար սիրտ'' ու մեզի բացայայտէ իրականութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.