2016-04-10 23:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թութերեան կայքը կը շարունակէ խօսիլ ընտանիքի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 ապրիլ 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի թուիթերեան կայքին վրայ շարունակուեցան հրատարակուիլ ընտանիքին եւ ''Սիրոյ երջանկութիւնը'' յորդորագիրին հայող թուիթները, որոնցմէ առաջինին մէջ Նորին Սրբութիւնը գրեց. 

''Ընտանիքին մէջ մենք պէտք է սորվինք նմանիլ Յիսուսի սիրալիր օրինակին''

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ Սրբազան քահանայապետը յայտնեց թէ` սիրոյ աչքերը տարբեր են եւ թոյլ կու տան նայելու աւելի անդին, ու հասկնալու թէ որքան արժէքաւոր է մարդ էակը

''Սէրը աչքերը կը բանայ, թոյլ կու տայ տեսնել աւելի անդին, թէ որքան արժէքաւոր է մարդ էակը''

 Հուսկ` օրուան ընթացքին հրապարակուեցան այլ թուիթներ

''Ամէն մէկ կեանք առիթ կու տայ վերագտնելու սիրոյ ձրիութեան չափանիշը''։

''Անհրաժեշտ է որ այդ մանուկը զգայ թէ սպասուած է։ Ան լրացում մը կամ անձնական ձգտումի լուծում մը չէ''։

''Բաց եւ զօրակից ընտանիքները աղքատներուն տեղ կը շնորհեն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.