2016-04-10 10:44:00

Մարդասիրական օգնութեան շարասիւնը Հայաստանէն ուղեւորուեցաւ Արցախ։


Ապրիլ 9-ին մարդասիրական պաշարով բեռնաւորուած մեքնեաներու շարասիւնը ՀՀ Արտաարգ իրավիճակներու նախարարութենէն ուղեւորուեցաւ Արցախ: Շարասիւնը կազմուած էր բեռնատար մեքենաներէ, որոնց մէկ մասը սառնարանային են:

Նշենք, որ Ապրիլ 9-ին եւս ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը շարունակեց հիւրընկալել Արցախին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու պատրաստ անհատ քաղաքացիները ու տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Օգնութիւն ցուցաբերելու առաջին պատրաստակամներէն էին ԱԻՆ աշխատակիցները: Իրականացուած է դրամահաւաք, ինչպէս նաեւ` հաւաքուած են պարէնային, բժշկական եւ նիւթական այլ պաշարներ: Մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերած են Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան եւ Ազգային օդագնացներու դաշնութեան անձնակազմը:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԻՆ ՓԾ տնօրէնի տեղակալ Վ. Գաբրիէլեան նշած է, որ իւրաքանչիւր ստացուած օգնութիւն յստակ տեսակաւորուած է:

«Ամէն ինչ արուել է, որպէսզի ապրանքներն անվնաս եւ նպատային հասվցեն Արցախի ժողովրդին: Յատկասպէս մեծ ուշադրութիւն է դարձուել սննդամթերքին, ինչի տեղափախման համար ներառուել են երկու սառնարային բեռնատար»,- ըսած է Վ. Գաբրիէլեան:

Մեքենաները բեռնաւորելու պահուն, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, ՀՀ ԱԻՆ փոխնախարար Հ. Յակոբեան նշած է, որ բեռնուող մեքենաներէն մէկուն մէջ ամերիկահայ առաձին անհատներու կողմէ տրամադրուած տարբեր տեսակի` առաջին օգնութեան դեղորայք է, որ կ’ուղարկուի մարտական դիրքերու զինուորերուն:

Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ ԱԻՆ ՓԾ տնօրէնի տեղակալ Ն. Գրիգորեան նշած է, որ ՀՀ ԱԻ նախարարութեան գործառոյթներէն մէկն է մարդասիրական աջակցութեան կազմակերպումը, եւ Կառավարութեան որոշմամբ` Արացախին տրամադրուելիք մարդասիրական աջակցութեան համակարգումը ստանձնեած է  ԱԻՆ-ը:

«Մարդասիրական աջակցութիւն իմ Արցախինէ խորագրով ակցիայի շրջանակներում օգնութիւնն իրականացւում է ոչ միայն պետական կառոյցների, ՀԿ-ների (հասարակական կազմակերպութիւն), դպրոցների, այլեւ առանձին անհատների կողմից: Այստեղ, կարելի է ասել, համաժողովրդական հաւաք է եղել: Այս մեքենաները` բեռնուած ամենատարբեր տեսակի առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով` սննդամթերք, դեղորայք, հագուստ եւ այլն, կը մեկնեն Արցախ, եւ օգնութիւնը կը յանձնուի Արցախի կառավարութեանը: Արցախահայութեանը տրամադրուող աջակցութիւնը կը լինի շարունակական, իսկ մեր նախախարութիւնը կարող է նորից ստանձնել համակարգման պատուաբեր աշխատանքը»,- եզրափակած է Ն. Գրիգորեան:

ՀՀ ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան միջոցներով հաւաքուած է միսի պահածոյ,

մակարոն, խտացրած կաթ, հաւկիթ, ջուր, ալիւր, շաքարաւազ, սուրճ, հրուշակեղէն,աղ։

ՀՀ ԱԻՆ Ճգնաժամային կառավարման պետական ակադեմիոյ ուսանողներու նախաձեռնութեամբ ԼՂՀ կուղարկուի թէյ, սուրճ, հրուշակեղէն, ծխախոտ:

Մեծ աշխուժութիւն ցուցաբերած են Շէնգաւիթ վարչական շրջանի դպրոցներու, Երեւանի Ստեփան Լիսիցեանի անուան թիւ 34 հիմնական եւ Երեւանի Արգենտինեան հանրապետութեան թիւ 76 հիմնական դպրոցներու աշակերտները: Անոնց կողմէ հաւաքուած են ամենատարբեր տեսակի սննդամթերք, խաղալիքներ, հագուստներ եւ այլն` ԼՂՀ Մարտակերտի եւ Մարտունիի շրջաններու բնակչութեան եւ երեխաներուն համար:

«Աջակցենք սահմանամերձ համայնքներուն» քաղաքացիական նախաձեռնութեան կողմէ Արցախին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով հաւաքուած եւ ՀՀ ԱԻՆ բերուած են՝ զինուորական հագուստ, հրուշակեղէն, պահածոյ, խտացրած կաթ, երշիկ, հիւթ, մաքրութեան պարագաներ,  մակարոն, ջուր, դեղորայք, ծխախոտ,  սուրճ, քաղաքացիական հագուստ,  շան կեր, քնապարկ, ծածկոց, փաթեթ զինուորներուն , ընտանեկան փաթեթներ։

Արցախին մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերած այլ կազմակերպութիւններու, անհատներու եւ առաքուող ապրանքի ամբողջական ցանկին կրնաք ծանօթանալ այստեղ:








All the contents on this site are copyrighted ©.