2016-04-09 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Ալեթթի կեդրոնի 25-րդ տարեդարձին առթիւ մատուցած պատարագը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2016-ին երեկոյեան, Վատիկանի Առաքելական պալատի  Redemptoris Mater մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պատարագի զոհը մատուցեց  Ալեթթի անուան բարեսիրական կեդրոնի անդամներուն դիտաւորութեամբ, անոնց կեդրոնի հիմնարկութեան 25-րդ ամեակին առիթով։

Այս առնչութեամբ, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոպմարին, հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ պատարագը մատուցեց առընթերակայութեամբ կեդրոնի մի քանի քահանաներուն, որոնց շարքին Ալեթթի կեդրոնին հիմնադիր եւ տնօրէն Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ հայր Մարքօ Ռուփնիքի։  

Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուած են կեդրոնին շուրջ 80 անդամներ, կեդրոնի հոգեւոր արուեստագիտական բաժանմունքի անդամներ ,ինչպէս նաեւ կեդրոնի   Աստուածաբանական բաժանմունքէն կարդինալ Սփիտլիքը

Հայր Ֆետերիքօ Լոպմարտին հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ակնարկեց , Սուրբ Պատարագի զոհին ընթացքին  Ֆրանչիսկոս Պապի  Սուրբ Գրային  ընթերցումի կատարած խորհրդածութեան մասին յայտնելով, Սրբազան Հայրը մատնանշած է Առաքեալներուն ուրախութեան  ըսելով ՝՝Առաքեալները ուրախ  էին՝ Յիսուսի անունով կրած արհամարհանքներուն , ինչպէս նաեւ իրենց  որդեգրած ծառայութեան ուղիին համար,  որ կը  յատկանշէ  Յիսուսի հետեւորդութիւնը   եւ որ է  ակնաղբիւր է խաղաղութեան ու երջանկութեան><։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտած է  Ալեթթի կեդրոնի կողմէ Իրեն նուիրուած Տիրամօր Իքոնի մեկնաբանութեամբ՝  ուր   Քահանայապետը  յայտնած է՝ թէ ՝՝Իքոնին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ Տիրամայրը, սակայն՝ իրականութեան մէջ Իքոնին մէջ  պատկերացուած է  Յիսուս՝  որ իր Մօր բազուկներէն կ՝իջնէ եւ կը մօտենայ հաւատացեալներուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.