2016-04-09 08:45:00

Ռուանտայի ցեղասպանութեան ՄԱԿի օր. վերջ տալ նման վայրագութիւններուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հաշտութիւնը կարելի է, նոյնիսկ նման ողբերգութենէ ետք, կը կարդանք ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի­, Ռուանտայի ցեղասպանութեան յիշատակի 22-րդ օրուայ առթիւ ուղղած պատգամին մէջ նշելով թէ 1994-ին 800 հազար անձ, որոնց չախչախոիչ մեծամասնութիւնը Թուցի ցեղախումբին կը պատկանէր, զոհ գացին Ռուանտայի մէջ տեղի ունեցող անողորմ եւ տմարդկային արարքներուն։ Այսօր` կ՛ոգեկոչենք ցեղասպանութեան նահատակները, որպէսզի աշխարհի մէջ նման վայրագութիւններ չի կրկնուին, կը յայտարարէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը։

Այս տարուայ ոգեկոչումին բանաբանն է ''պայքարիլ ցեղասպանութեան գաղափարախօսութենէն ետք''։ Ռուանտայի ցեղասպանութեան ՄԱԿի օրը յիշատակուեցաւ 7 ապրիլ 2016-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.