2016-04-09 09:36:00

Հայոց եկեղեցին զօրավիգ է Հայոց բանակին


Այս օրերուն Հայոց Եկեղեցին, զոյգ Վեհափառ Հայրապետներու հոգեւոր առաջնորդութեամբ եւ աշխարհասփիւռ թեմերու բարեխնամ առաջնորդներու կազմակերպմամբ, հայութեան բոլոր հատուածներուն կը վարակէ հայրենասիրութեան ու ազգասիրութեան զօրեղ զգացումով` մասնակցելով համայնքները զօրաշարժի ենթարկելու գործին:

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ` ամէնուր կը կատարուին Հայրենիքի եւ հայրենեաց պաշտպան զինուորներուն համար աղօթքներ, մարտերուն մէջ ու սահմանամերձ բնակավայրերուն մէջ զոհուածներուն համար հոգեհանգստեան արարողութիւններ` խնկարկելով անոնց հայրենասիրական նուիրումը    առ ազգ, առ Հայրենիք եւ առ Աստուած:

Ոգեւորիչ է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի յորդորները Արցախի հայութեան ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուած իրավիճակին ժամանակ, այն, որ ըլլանք միաբան, կազմակերպուած, սառնասիրտ հայեացքով եւ զօրեղ ոգով շարունակենք մեր սրբազան առաքելութիւնը` պաշտպանելու Հայրենիքը, մեր անկախութիւնը, մեր կեանքը, ազատութիւնը եւ մեր պատիւը:

Վեհափառ Հայրապետներու յառաջիկայ օրերուն նախատեսուող այցելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ կ’ապացուցէ մեր ազգի միասնութիւնը, համախմբուածութիւնը, մեր եկեղեցիներու բոլոր թեմերու` Արցախին զօրավիգ կանգնելու գնահատելի նախաձեռնութիւնը:

Կաթողիկոսները իրենց ներկայութեամբ հոգեւոր նոր լիցքեր կը հաղորդեն մեր զինուորներուն  եւ առաւել կը բարձրացնեն անոնց խրոխտ ոգին, Աստուածաշնչեան զօրավիգ խորհուրդներուն ականջալուր ըլլալով`  անոնք կը շարունակեն դիմակայել բոլոր դժուարութիւնները` ամուր պահելով մեր Հայրենիքի սահմանները եւ հարկ եղած պարագային  ետ շպրտելու ամէն մէկ ոսոխի:

Ազգային միասնութեան այս աննախադէպ օրերուն բառերով հնարաւոր չէ նկարագրել հայրենասիրական այն պոռթկումը, որն այսօր կը թեւածէ Հայոց բանակէն ներս, երբ կանոնաւոր բանակին եւ աշխարհազօրին միացած են Մայր Աթոռի 45 հոգեւոր սպասաւորներ, որոնց մեծ մասը մեկնած է Արցախ` ներառեալ` առաջնագիծ: Անոնք թեւ ու թիկունք  դարձած են Հայոց բանակի արիասիրտ զինուորներուն` վճռականօրէն պաշտպանելու հայրենի երկիրն ու սրբութիւնները, արցախահայութեան ազատ ապրելու արդար իրաւունքը:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.