2016-04-08 09:35:00

Սփիւռքը կը շարունակէ զօրավիգ ըլլալ Հայրենիքին. ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն


Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Սփիւռքը կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայրենիքին.

Հերթական անգամ աշխարհը համոզուեցաւ, որ գործ ունենալ Արցախի կամ ընդհանրապէս Հայաստանի հետ կը նշանակէ գործ ունենալ ողջ հայութեան հետ, 10 միլիոնէ աւելի մեր հայրենակիցները պատրաստ են ամէն ինչի Հայրենիքի  անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան համար: Անոնք իրենց համախմբուածութեամբ միացան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ թեւածող այն հոգեւոր վերելքին, որ ուղղուած է  հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան: Շատերը այսօր Արցախի մէջ են՝ կամաւորներու շարքերու մէջ, արցախցիի կողքին:

Այս օրերուն ողջ Սփիւռքը նաեւ մեծ վիշտ կ’ապրի՝  մեր հերոս տղաներու կորուստի համար, այն խիզախներուն, որոնք պաշտպանելով բոլորիս Հայրենիքը՝ հեռացան դէպի յաւերժութիւն: Եւ փառքի ճամբով սրբագործուելով՝ արեամբ գրեցին իրենց անունը մեր պատմութեան ոսկէ էջերու մէջ:

Այս ցաւը կը սեղմէ բոլորիս հոգիները՝ ծնելով միաժամանակ հպարտութեան վեհ զգացում, որ հայ ժողովուրդի համար կը դառնայ պատասխանատւութիւն։ Պատասխանատւութիւն իր Հայրենիքի, հողի հանդէպ, պատասխանատւութիւն պետութիւնը հզօրացնելու գործի մասնակիցը ըլլալու այն գիտակցութեամբ, որ միայն ուժեղ եւ հզօր պետութիւնն է մեր երկրի անվտանգութեան գրաւականը։

Լրատւութիւնը կը փաստէ, որ աշխարհի չորս ծագերուն գործող հայկական, համահայկական կառոյցները եւ կազմակերպութիւններու յայտնի գործիչները հանդէս կու գան յայտարարութիւններով, դատապարտող նամակներով, կոչերով, հանդիպումներ կ’ունենան պետական պաշտօնեաներու, բնակութեան երկիրներու իշխանութիւններու եւ խորհրդարանի անդամներու հետ, կը կազմակերպեն բողոքի շարժումներ, համահաւաքներ, եկեղեցական արարողութիւններ, ցոյցեր պահանջելով`

-ԼՂՀ-ի ճանաչումը

– Ատրպէյճանի վայրագութիւններու  (ագրեսիայի) կասեցումը

-Արցախի ներգրաւումը՝ իբրեւ բանակցային կողմ

– Նախայարձակը (ագրեսորը) պատասխանատւութեան ենթարկելը

-ԼՂՀ-ի ինքնորոշման իրաւունքը եւ այլ հարցեր։

Սփիւռքը Հայրենիքի հետ համակարծիք է, որ Արցախեան խնդիրը պէտք է լուծել խաղաղ բանակցային ճանապարհով Մինսկի խումբի ծիրէն ներս։

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը անընդհատ զանգեր կը ստանայ Սփիւռքի տարբեր համայնքներէ, որոնք իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն մայր Հայրենիքին եւ կ’առաջարկեն բարեգործական ձեռնարկներ եւ նիւթական, բարոյական ու ֆիզիկական օգնութիւններ։

Մենք, շնորհակալ ըլլալով, հպարտանալով անոնց հայրենասիրութեամբ, կը խնդրենք առայժմ ձեռնպահ մնալ մարդասիրական օգնութիւններէն. Արցախի կառավարութիւնը բացած է յատուկ հաշուեհամար, ցանկութիւն ունեցողները կրնան իրենց փոխանցումները կատարել այդ հաշուեհամարին:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.