2016-04-07 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Մեթոտիսդներու համաշխարհային խորհուրդի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 7 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Խրուաթիոյ հանրապետութեան վարչապետ` տիար Թիհոմիր Օրեսքոչիչը անոր կողակիցն ու անոնց ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Քահանայապետը ապա յաջորդաբար ընդունեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մօտ Առաքելական նուիրակ` Գերապայծառ Ժուզեփփէ Փինթոն, բողոքական Մեթոտիսդ եկեղեցւոյ համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութիւնը մը, Անտիոքի Յոյն Մելքիթներուն Պատրիարք` Գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամ Պատրիարքը։

Հուսկ 12.15, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի Մարսէյի թեմի արքեպիսկոպոս եւ Ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ  Գերապայծառ Ժորժ Փոնթիէ, որուն ընկերացած էին եպիսկոպոսցաց դասին փոխ նախագահներն ու Քարտուղարը։

 Մեթոտիսդ եկեղեցւոյ համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակութեան հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղեց պատգամ մը որուն մէջ ներկաները ողջունելէ ետք անոնցմէ խնդրեց իր ողջոյնները    փոխանցել Մեթոտիսդ համաշխարհին խորհուրդի  Եւրոպայի եւ Անգլիոյ մէջ գտնուող ներկայացուցիչներուն, ապա իր ուրախութիւնը յայտնեց վերջերս Հռոմի  մէջ Մեթոստիդներու համամիութենական բնոյթ ունեցող գրասենեակի  մը բացման ի լուր, ըսելով  որ այս մէկը  նշան կը հանդիսանայ  Մեթոտիսդներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ յարաբերութիւններուն զարգացման,  ու մայթանք յայտնեց որ վերոնշեալ գրասենեակը կարենայ դառնալ Կաթողիկէներու եւ Մեթոտիսդներուն միջեւ հանդիպումի արդիւնաբեր վայր ուր՝ կը  գնահատուին երկուստեք դաւանած հաւատքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց  50 տարի  առաջ Կաթողիկէներու եւ Մեթոտիսդներուն միջեւ` Աստուածաբանական միասնական յանձնախումբին աշխատանքերու սկիզբին, յայտնելով՝ թէ տարբերութիւններէն անդին, մեր կատարածը,  երկխօսութիւն է՝ հիմնուած եղբայրական յարգանքի վրայ,  որ կը բարգաւաճէ երկու հասարակութիւնները։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս օրինակ թուեց , այս  տարուան աւարտին,  աստուածաբանական յանձնախումբի կողմէ հրապարակուելիք թղթածրարը։

Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ  Մեթոտիսդներու եւ կաթողիկէներուն միջեւ ՝՝Սրբութեան կոչումը՝՝ նիւթին մասին միասնական յայտարարութեան՝յայտնելով թէ՝՝ Կաթողիկէներն ու մեթոտիսդները, սրբութիւնը ապրելու մասին ՝շատ բաներ ունին սորվելիք մէկը միւսէն եւ այս առընչութեամբ  անհրաժեշտ նկատեց որ  բոլորը անկարելին գործեն, որպէսզի իրենց ժողովրդապետութիւններուն անդամները հերթակնաօրէն իրարու հետ հանդիպին, իրարու ծանօթանան՝ եւ  իրարու  քաջալերանք հանդիսանան՝ փնտռելու համար Տէրը ու Անոր շնորհքը ։

 Ֆրանչիսկոս Պապ իր արտասանած ճառին մէջ մէջբերեց նաեւ  John Wesley-ին Հռոմէացի կաթողիկէ հաւատացեալի մը ուղղած նամակէն հատուածներ, որոնց շարքին  ՝՝ եթէ՝  շատ բաներու վերաբերեալ տակաւին  չենք կրնար միեւնոյն ձեւով խոկալ, նուազագոյնը կրնանք միեւնոյն ձեւով սիրել՝'' ՝՝՝Այո՝՝, ըսաւ Քահանայապետը` ՝՝շատ բաներու մասին  տակաւին միախոհ չենք , եւ  Քահանաներու ձեռնադրութեան խորհուրդի եւ բարոյականութեան հարցին շուրջ շատ քայլեր ունինք կատարելիք , սակայն՝ սոյն տարբերութիւններէն ոչ մէկը կրնայ խոչընդոտներ ստեղծել  միեւնոյն ձեւով սիրելու համար ինչպէս նաեւ  աշխարհին դիմաց' հասարակաց վկայութիւն տալու համար՝՝ ։

Մեթոտիստդներն ու կաթողիկէներն, պարտաւոր են յանձնառու ըլլալ, բոլոր  մարզերէն ներս  միասնաբար ու շօշափելի կերպով վկայելու, իրենց սէրը Քրիստոսի հանդէպ։  Երբ՝ միասնաբար կը ծառայենք կարիքաւորներուն մեր  միջեւ գոյացած հաղորդութիւնը կ՛աճի,  ըսաւ Սրբազան Հայրը ու Ճառը եզրափակեց ըսելով բազմաթիւ չարիքներէ  խոցուած մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ. այսօր աւելի քան  երբեք  կարիքը կայ` որպէս քրիստոնեաներ,  վերանորոգուած զօրութեամբ  միասնաբար վկայելու Սուրբ Զատկուան Ճրագը, դառնալով Աստուծոյ սիրոյ նշան, Յաղթական Յիսուսի Յարութեան մէջ։

Թող որ այս սէրը, մեր խոնարհ եւ քաջ ծառայութեան ըդնդմէջէն հասանելի դառնայ բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու սրտին, որոնք անգիտակցաբար զայն կը սպասեն։ ( (1 Կորնթ 15, 57)








All the contents on this site are copyrighted ©.