2016-04-07 11:32:00

Ամէնօրեայ սուրբերն ու նահատակները յառաջ կը տանին եկեղեցին. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Առօրեայ կեանքի սուրբերը եւ այսօրուայ մարտիրոսներն են որոնք յառաջ կը տանին կեղեցին, իրենց հետեւողականութեամբ ու Յարուցեալ Քրիստոսի արի վկայութեամբ, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան շնորհիւ''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին` 7 ապրիլ 2016-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումները, քաղուած` գործք առաքելոցէն, անդրադարձաւ սուրբ Պետրոսի քաջութեան մասին, որ հակառակ իրեն պատուիրուած հրահանգներուն` չխօսելու եւ չքարոզելու Յիսուս Քրիստոսը, Ան կը շարունակէ հռչակել Յիսուսի Յարութիւնն ու Աւետարանը, որովհետեւ ''պէտք է հնազանդիլ Աստուծոյ եւ ոչ թէ մարդոց''։ Այս քաջ եւ արի Պետրոսը, ըսաւ Քահանայապետը, տարբեր է այն վախկոտ Պետրոսէն, որ աւագ Հինգշաբթի գիշերը, երեք անգամ ուրացաւ Տէրը։

Պետրոսը այժմ հզօր է քրիստոնէական վկայութեամբ, վկայութիւն մը որ կը տանի Յիսուսի ճանապարհին վրայէն` կեանքը նուիրել։ Քրիստոնեան իր կեանքը կը վտանգէ իսկական վկայութեան մէջ։ Քրիստոնէական վկայութիւնը սակայն միշտ երկու հոգիով կը կատարուի` մենք եւ Սուրբ Հոգին, առանց որուն չկայ քրիստոնէական վկայութիւն, որովհետեւ այս վկայութիւնը շնորհք է, շնորհք մը պարգեւուած Սուրբ Հոգիէն։

''Առանց Անոր մենք չենք կրնար վկաներ դառնալ'',  ընդգծեց ապա Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ` ''Վկան այն անձն է որ կը վկայէ այն ինչ որ ընդունած է, այսինքն Սուրբ Հոգին, եւ այս մէկը կ՛ընէ իր ըսածներուն ու գործելակերպի համաձայն, հետեւողականութեամբ''։ Այս է քրիստոնեայ վկայութիւնը եւ քաջութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչոիսկոս Պապ մատնանշելով այսօրուայ մարտիրոսներուն, որոնք բազմաթիւ են, վտարուած իրենց հողերէն, պանդխտութեան մէջ, գլխատուած եւ հալածուած, եւ ունին քաջութիւնը դաւանելու Յիսուսը` մինչեւ մահ։ Այս է այն քրիստոնեաներուն վկայութիւնը որոնք իրենց հաւատքը կ՛ապրին լիովին։

Պատմութեան դժուար ժամանակներու ընթացային յաճախ կը լսենք ''երկիրը հեռոներու պէտք ունի'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ''այս մէկը իրականութիւն է եւ արդար է'' ապա հարց տուաւ ''Առ այդ ի՞նչի պէտք ունի այսօր եկեղեցին'' ու պատասխանեց ''Վկաներու, Մարտիրոսներու''։

''Վկաներն են, այսինքն սուրբերը, ամէնօրեայ սուրբերը, առօրեայ կեանքի անձեր, որոնք հետեւողականութեամբ, մինչեւ նոյնիսկ մահ, կը ներկայացնեն Եկեղեցւոյ կենդանի արիւնը. ասոնք են որոնք Եկեղեցին յառաջ կը տանին։ Անոնք որոնք կը հաստատեն թէ Քրիստոս Յարութիւն առաւ, թէ Յիսուս ողջ է, ու այս մէկը կ՛ընեն իրենց կեանքի հետեւողականութեամբ եւ Սուրբ Հոգիէն ստացած շնորհքով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով իր քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.