2016-04-06 14:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ողջագուրեց մօտ օրէն խուլ եւ համր դարձող մանուկ աղջիկ մը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կատարած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ու ողջագուրեց Լիզի Մայերս անուամբ ամերիկացի 6  ամեայ մանուկ աղջնակ մը,  որ դժբախտաբար ծանր հիւանդութեան մը հետեւանքով , մօտիկ ապագային դատապարտուած է կոյր ու համր դառնալու։

Ֆրանչիսկոս Պապ  հայրական գորովով ողջագուրեց աղջնակը եւ անոր աչքերուն դպչելով  օրհնեց զայն, ինչպէս նաեւ  երկու խօսք փոխանցեց Ամերիկայի Օհայօ քաղաքէն՝  մանուկին ընկերացող ծնողաց հետ։

 Լիզի Մայերս ամերիկացի մանուկը,  Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ հանդիպելով կարողացած է  իրականացնել  իր կեանքին երազը եւ այս մէկը շնորհիւ  նաեւ իտալական Unitalsi բարեսիրական հաստատութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.