2016-04-06 10:07:00

Փութինը հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ։


Ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ այսօր տեղի ունեցած են նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցները Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: «Մանրամասնօրէն քննարկուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի վերջին զարգացումները: Խոր մտահոգութիւն յայտնելով լայնածաւալ ռազմական բախումներուն առնչութեամբ, որոնք յանգեցուցած են բազմաթիւ մարդկային զոհերու, Վլատիմիր Փութինը երկու կողմերուն կոչ ուղղած է անյապաղ ձեռնամուխ ըլլալու ռազմական գործողութիւններու դադրեցման եւ հակամարտութեան վարչաձեւի պահպանման»,- նշուած է Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ:

Ռուսիան պարտաւորուած է շարունակել իրավիճակի կայունացման ուղղուած անհրաժեշտ միջնորդական ջանքերը:

Հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ընդգծուած է նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին միջնորդութեամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցային գործընթացի վերականգման կարեւորութիւնը` ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ հանգուցալուծում փնտռելու նպատակով:

Համաձայնութիւն եղած է շփումները տարբեր ձեւաչափերով շարունակելու մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.