2016-04-06 09:50:00

Հայ Կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան տարեկան բարեգործական ճաշկերոյթը


Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան տարեկան  ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ 3 Ապրիլ 2016, Կիրակի կէսօրին, «Ալ Նախիլ» ճաշարանին մէջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիոս Պատրիարքին շուրջ համախմբեց  Հայ կաթողիկէ համայնքին բարեսէր զաւակներու եւ բարեկամներու լայն շրջանակը։ Հաճելին օգտակարին միացուցած տրամադրութեամբ համայնքին բարեկեցիկ զաւակները ընդառաջած էին Միութեան հրաւէրին։ Իսկ Աղքատախնամ Միութեան ժրաջան անդամները, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս ոչ մէկ ճիգ խնայած էին հարազատներու մտերմիկ ու ջերմ հանդիպումի մը առիթ դարձնելու համար արդէն աւանդական այս բարեգործական ճաշկերոյթը, ուր Ամենապատիւ Հոգեւոր  Տիրոջ ժամանումը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին եւ արհիապատիւ Մանուէլ եպիսկ․ Պաթագեանին, դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ աղօթքէն ետք, նախքան ճաշկերոյթը, Միութեան անունով  արտասանած (նաեւ արաբերէն) ողջոյնի խօսքին մէջ,  Միութեան հոգեւոր վարիչը՝ Սբ․Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սբ․ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ  աւագ ժողովրդապետ գերյարգելի Գէորգ ծ․վ․ Եղիայեան՝ մէջբերելով Քրիստոսի  «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ» խօսքը ուղղուած փարիսեցիներուն, սադուկեցիներուն եւ Տաճարի օրուայ սպասաւորներուն, ըսաւ թէ Քրիստոս մեզմէ կը պահանջէ երթալ դէպի թշուարականները, դէպի ընկերութեան  լուսանցքին վրայ ապրողները, զրկուածները,  աղքատները եւ անոնք որոնք բազմաթիւ են այսօր տիրող քաղաքական, տնտեսական ու պատերազմական վիճակներուն պատճառով։ «Ահա ինչ որ կը կատարենք ձեր անունով եւ ձեր նուիրատուութիւններուն միջոցով» ըսաւ ան։

Այնուհետեւ, Հայ Կաթողիկէ Աղքատախնամ Միութեան խօսքը փոխանցեց Միութեան վարչութեան ժրաջան անդամներէն պր․ Թուֆիք Արիս։ Ան նախ ողջունեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ներկայութիւնը որ առաջին անգամն էր եւ ապա՝ իր կարգին յիշեցնելով Ողորմութեան Յոբելենական Տարուան համար Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ թէ զոհեր», նշեց թէ Աղքատախնամ Միութիւնը յիսուն տարիէ ի վեր նուիրուած է միայն ողորմութեան ի սպաս մեր համայնքի ամէնէն աւելի կարօտեալներուն, ջանալով անոնց սնունդ մատակարարել, անոնց այցելել, զանոնք սփոփել եւ ուսման հնարաւորութիւն ստեղծել անոնց համար։ Եւ այս բոլորը ընել շնորհիւ Միութեան բարեսէր անդամներուն, որոնց փոխանցեց իրենց բարեգործութենէն օգտուող կարիքաւորներուն շնորհակալութիւնները ու աղօթքը։

Բարեգործական  ճաշկերոյթին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Միութեան վաստակաւոր նախագահը, նախկին նախարար մէթր Ժագ Չուխատարեան։ Ան նախ անդրադարձաւ  երկրէն ներս շուրջ երկու տարիէ ի վեր տիրող տագնապալի կացութեան եւ ասոր հետեւանքով լիբանանցի ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասնաւորաբար տնտեսական ու ընկերային գետնի վրայ, ինչ որ իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Աղքատախնամ Միութեան գործունէութեան վրայ եւ զայն նոր մարտահրաւէրներու առջեւ դրաւ։ Ապա ողջունելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին ներկայութիւնը, ան նախ անդրադարձաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ  աւելի քան յիսնամեայ հոգեւոր,  եկեղեցանուէր, համայնքանուէր, կրթանուէր եւ ընդհանրապէս հանրանուէր վաստակին, ապա անոր օգնական եպիսկոպոսի գործունէութեան, որ ջերմ ժողովրդականութեան արժանացուց զինք։  Ան վստահեցուց որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ անոր օգնական եպիսկոպոսին քաջալերանքով, Միութեան վարչութիւնը աւելի մեծ թափով պիտի շարունակէ  համայնքին ամէնէն աւելի կարիքաւոր ընտանիքներուն հոգատարութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն իրենց աջակցութեան համար  Միութեան, Մէթր Չուխատարեան դատապարտեց Ատրպէյճանին կողմէ Ղարաբաղի վրայ սանձազերծուած նախայարձակումը, ցաւակցութիւնը յայտնեց Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի զոհերու ընտանիքներուն եւ զօրակցութիւնը՝ Ղարաբաղի պետութեան ու ժողովուրդին։

Հուսկ խօսք առաւ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։ Ան՝ անդրադառնալով Ղարաբաղի վրայ կատարուած անակնկալ յարձակումին, յուզումով յիշեց իր նախորդին, երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոսին  Ղարաբաղ այցելութեան ժամանակ ունեցած անակնկալ անհանգստութեան հետեւանքով ղարաբաղցիներուն կողմէ իրեն հանդէպ ցուցաբերուած որդիական հոգատարութիւնը, վստահեցնելով որ ան այսօր երկինքէն կը միանայ մեր ժողովուրդի զօրակցութեան Ղարաբաղին։

Ապա, Հոգեւոր Տէրը յետադարձ ակնարկով մը ուրուագծեց 100 տարի առաջ իր բնօրրանէն տեղահանուած եւ ջարդերէն հրաշքով փրկուած հայու բեկորներուն Մայրիներու այս հիւրընկալ հողին վրայ տեղաւորումին եւ այնուհետեւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման չարչարանալից պայմաններուն երբ այդ օրերուն չկային Աղքատախնամ ու Գարիթաս։ Հակառակ այդ տառապալի պայմաններուն, «մենք երբեք չհանդիպեցանք օգնութեան ձեռք երկարող հայու մը» ըսած է Լիբանանի երեւելի ղեկավարներէն Ռէյմոն Էտտէ։ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ  որ բոլոր պայմաններուն տակ Հայը երբեք չկորսնցուց  իր հաւատքը եւ ապագային հանդէպ յոյսը։ Ան շեշտեց եղբայրսիրութեան եւ իրարօգնութեան պարգեւած հոգեկան գոհունակութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարեսիրտ մարդոց որոնք եղբայրական ձեռք մեկնած են ու կը շարունակեն մեկնել կարօտեալին, աղքատին, հիւանդներուն, տարէցներուն։ Ան շնորհաւորեց Աղքատախնամ Միութիւնը 400 ընտանիքներու հանդէպ իր ցուցաբերած հոգատարութեան եւ իր երկարամեայ աղքատախնամ աշխատանքին համար։

Հոգեւոր Տէրը նշեց որ լիբանանահայութիւնը լաւապէս համարկուած է իր շրջապատէն ներս, ցաւ յայտնելով հանդերձ որ ոմանք ձուլուած ըլլալով կը գտնուին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ։ Ան հրաւիրեց համայնքային բոլոր կառոյցները նոր ու աւելի որակեալ թափ տալու իրենց բազմաբնոյթ գործունէութիւններուն եւ ասոնց մէջ ընդգրկելու երիտասարդ սերունդին ներկայացուցիչները։

Հաճելի եւ օգտաշատ ճաշկերոյթին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ աղօթքով աւարտէն առաջ, գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան ներկաներուն անունով իր շնորհակալութիւնները փոխանցեց Հոգեւոր Տիրոջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.