2016-04-06 10:20:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


«Լսէ՛, Անմի՛տ…»

 Պօղոս առաքեալին հեղինակաւոր գրիչին կարմիր թանաքով արձանագրուած եւ շեշտադրուած  այս բառերը «Լսէ՛, Անմի՛տ» բառը,  թերահաւատութեան անորոշութեան մէջ տուայտողները կը սաստեն, ուղղելով հաւատացեալ մարդու աչքերուն պղտորութիւնը, որպէսզի ան յստակ տեսնէ բացարձակ ճշմարտութիւնը կեանքի, մահուան ու անմահութեան:

Անմահութեան ձգտումը,  մարդկային հոգիի խորագոյն անդունդին անմատոյց ծալքերուն մէջ թաքնուած գաղտնի զգացումներէն է: Ո՛չ ոք կը խօսի այս մասին բացայայտ, բայց բոլորն ալ կը փափաքին հասնիլ անոր անյապաղ: Ա՛յս է գաղտնիքը մեր հոգւոյն, ա՛յս է փափաքը մեր սիրտին, ա՛յս է հեռանկարը մեր միտքի սեւեռուած հայեացքին եւ ա՛յս է վերջակէտը մեր հոգւոյն ներքին անբացատրելի նպատակներու հեռահաս ուղիին: Ֆիզիքական նուազագոյն թուլութեան պարագային, անմիջապէս վախը կը մտնէ մեր սիրտերուն մէջ, թէ պիտի կարենա՞նք յաղթահարել մեր դիմաց ծառացած առողջական այս խնդիրը: Երբեմն մինչեւ տարրալուծարանի քննութեանց արդիւնքները ստանալը, կը մտատանջուինք, փախցնելով մեր արդար իրաւունքը եղող քուն:

Անմահութիւն…

Ասիկա  այնպիսի խոր փափաք մըն է, որուն իրականացման համար ամէն ինչ պատրաստ է զոհել մարդ էակը: Իրարմէ տարբեր կրօնական հաւատալիքներ, մահուան գաղափարին մէջ կը ներկայացնեն նոյնինքն անմահութիւնը: Այդպէս չէ՞ր քրիստոնէական առաջին դարերուն ըմբռնումը անարդար մահուան կամ պարտադիր նահատակութիւններու մասին… Առիւծներու գուբին մէջ գազաններուն կեր դառնալու դէպքերն անգամ, քրիստոնեաներուն համար անմահութեան դուռ ու տրտմութեան հովիտէն դէպի կանաչ մարգագետիններ առաջնորդուելու անցք կը համարուէին, համաձայն «Սրբոց Վարքերու» փոխանցած տեղեկութիւններուն:

Իսկ այսօր ինչպէ՞ս կ՛ըմբռնուի անմահութիւնը. երկարակեցութի՞ւն է արդեօք մեր փափաքը: Ինչքա՞ն կրնանք երկար ապրիլ զառամեալ ծերութեամբ… Կամ՝ ինչո՞ւ համար ժամանակավրէպ դառնանք, երբ ունինք երանական կեանքով վերստին ծնելու երկնապարգեւ բացառիկ հնարաւորութիւնը: Սկիզբ ունեցող նիւթը, անպայման ունի իր վախճանակէտը, որ մարդկային մարմինին համար անխուսափելի մահն է, մինչեւ իսկ 120 կամ 130 տարիներու աւարտին: Ամէն մարդ արարած պիտի մեռնի ու հող դառնայ։

_ «Լսէ՛, անմի՛տ,_ կ՛ըսէ առաքեալը, սերմնացանի յատուկ լեզուով բացատրելով անոր անմահութեան ցանկալի խորհուրդը: Նախ, սերմնահատիկ մը երբ ցանես՝ հատիկը չի՛ բուսնիր, մինչեւ չմեռնի: Եւ ապա, քու սերմանածը սովորական հատիկ մըն է, ցորենի կամ այլ սերմերու, եւ ո՛չ այն հասկը որ պիտի ծլի» (Հմմտ. Ա. Կր 15.35-37):

– «Լսէ՛, անմի՛տ»,_ անմահութեան տանող ճամբուն դուռը բացուեր է արդէն Յիսուսի Հրաշափառ Յարութեամբ: Գերեզմանը ժամանակաւոր կայանատեղի եւ դէպի իսկական Կեանք տանող միջանցք մըն է այսուհետեւ, մահուան դէմ Անոր տարած աստուածավայել յաղթանակով:

– «Լսէ՛, անմի՛տ», _ Իր մահով, մահը պարտութեան մատնած Աստուած դեռ ի՞նչ աւելի ուժեղ օրինակ պէտք է տար քեզի, որպէսզի միտքէդ փարատէիր մառախուղը խորախորհուրդ նկատուած մահուան: Իսկ եթէ ունիս ուրիշ փաստ, աւելի՛ զօրաւոր, քան աստուածային Յարութեան իրողութիւնը, ինչո՞ւ կը վախնաս մահէն…

– «Լսէ՛, անմի՛տ»,_ Եթէ կեանքի դժուարութիւններուն դիմաց կ՛ուզես տոկալ եւ նոյնիսկ մահէն ետք յաղթական դուրս գալ կեանքի անհաւասար պայքարէն, ուրեմն գէթ համեստ եղիր, իբրեւ մահկանացու, իւղաբեր կանանց Յիսուսի Յարութիւնը աւետող լուսասփիւռ հրեշտակին միացնելու ձայնդ,  խոստովանելու եւ ըսելու.

_ Քրիստոս Յարեա՜ւ ի մեռելոց: Իսկ մենք, ի պատասխան անվերապահ հաւատքիդ խորունկ արտայայտութեան, պիտի պատասխանենք անվարան._ Օրհնեա՜լ է Յարութիւնն Քրիստոսի:








All the contents on this site are copyrighted ©.