2016-04-06 10:04:00

Զինուած գործողութիւններու հետեւանքով ԼՂՀ ՊԲ-ը ունի 29 զոհ, 101 վիրաւոր


Ապրիլ 5-ի դրութեամբ ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանագիծի երկայքով ռազմական գործողութիւնները շարունակուած են: Ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով նահատակուած է  Պաշտպանութեան բանակի 29 զինծառայող: 101 զինծառայող ալ վիրաւորուած է:

Ըստ panorama.am-ի՝ այդ մասին քիչ առաջ Ստեփանակերտի մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ԼՂՀ ՊԲ գործող վարչութեան պետ, գնդապետ Վիկտոր Առստամեանը:

Զոհուած զինծառայողներէնի եօթը սպաներ են:

Ինչ կը վերաբերի հակառակորդի զոհերուն, Առստամեան ըսած է, որ իրենք յաջողած են լսել թշնամիի հեռախօսային զրոյց մը, որ կրնայ փաստ ըլլալ, թէ որքան զոհ ունեցած է հակառակորդը: Հեռախօսային զրոյցը ներկայացուեցաւ ասուլիսի ընթացքին, ուր կին մը կը պատմէր, որ գիւղին մէջ 1000-աւոր մարդիկ սպաննուած են եւ մարդոց «դիերը ամէնուր են»:

«Ակաշի մեքենայէն միայն ինքը կենդանի մնաց, մեքենային մէջ կար 12 մարդ», -կ՛ըսէր ատրպէյճանցի կինը զրոյցի ժամանակ:

Ըստ անոր՝ թէժ մարտերը շարունակուած են Ղազախլար-Արա լեռ ուղղութեամբ եւ Մատաղիսի ուղղութեամբ:

Անոր ներկայացումով, զինուած գորոծղութիւններու ընթացքին հակառակորդը կրակած է ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի յենակէտերու ու Մարտակերտ բնակավայրի ուղղութեամբ` առաջին անգամ կիրառելով «Սմերչ»:

Բացի այդ, հակառակորդը բուռն կերպով օգտագործած է անօդաչու թռչող սարքեր:

«Մէկ օրուայ ընթացքում դրանցից վեցը ոչնչացուել են», -ըսած է Առստամեան: Օրուայ ընթացքին Մարտակերտի ուղղութեամբ հրասայլէ 7 կրակոց եղած է, յատնած է ան:

Մինչեւ հիմա Պաշտպանութեան բանակը կորսնցուցած է 14 հրասայլ, ատրպէյճանական զինուած ուժերը` 24 հրասայլ, 2 ուղղաթիռ եւ 1 «Կրատ» համակարգ:








All the contents on this site are copyrighted ©.