2016-04-05 11:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Եկեղեցւոյ մէջ ներդաշնակութիւնը քաջութիւն կը յառաջացնէ''


(Ռատիօ Վատիկան) Կարելի չէ շփոթութիւն յառաջացնել քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ տիրող ներդաշնակութեան, որ է Սուրբ Հոգւոյն պտուղը, բանակցութեան առարկայ անդորրութեան հետ, որ յաճախ, կեղծաւոր կերպով, իր ետին ունի հակասութիւններ ու ներքին բաժանումներ. Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, որուն ընթացքին ապա հաստատեց թէ ''Քրիստոսի մէջ միացած հասարակութիւնը մը` է նաեւ քաջ հասարակութիւն''։

Մէկ սիրտ մէկ հոգի, ոչ մէկ աղքատ, եւ բարիքներ` բաժնուած կարիքներու համաձայն։ Մէկ բառով ներդաշնակութիւն։ Բառ մը որ կը յատկանշէ առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններու ապրելակերպը։ ''Բառ մը որ կը յատկանշէ Երկնային պարգեւ մը` որ միայն Սուրբ Հոգին կարող է ապահովեցնել'' ըսաւ Սրբազան Հայրը, մատնանշելով այդ ներդաշնակութեան նշաններուն` ''մէկ սիրտ, մէկ հոգի եւ բարիքներու հաւասար բաշխում բոլորին''։

''Դրամը, ըսաւ ապա Քահանայապետը, ներդաշնակութեան թշնամի է, դրամը անձնասէր է'' ակնարկելով ապա Գործք Առաքելոցի գիրքէն քաղուած ընթերցումին, ուր կը խօսուի Բարնաբայի մասին, որ իր այգին կը ծախէ ու անոր եկամուտը կը յանձնէ առաքեալներուն։ Ապա այլ հատուածի մը` որուն մէջ կը խօսուի Անանիայի եւ Սաֆիրայի մասին, որոնք իրենց ծախած հողին եկամուտը ամբողջութեամբ չեն նուիրեր ու խարդախութեամբ մաս մը իրենց կը վերապահեն։

''Աստուած եւ դրամը երկու Տէրեր են'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որոնք իրարու հետ չեն կրնար հաշտուիլ։ Ան ապա նշեց թէ ներդաշնակութիւն` չի նշանակեր լոկ անդորրութիւն, ու մէջբերեց մէկ եպիսկոպոսի նկատողութիւնը ''թեմին մէջ անդորրութիւն կը տիրէ, սակայն եթէ որեւէ մէկ հարցի մասին ուզես խօսիլ, պատերազմ կը յառաջանայ''։ ''Ասիկա բանակցութեան պտուղ ներդաշնակութիւն է'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եւ այս ներդաշնակութիւնը Սուրբ Հոգիէն չի բխիր։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգւոյն պարգեւած ներդաշնակութիւնը, մեզի կը շնորհէ վեհանձնութիւնը` ոչ մի բան որպէս սեփական նկատելու, այլ զայն դնելու ի սպաս կարիքաւորներուն, ապա երկրորդ պարգեւը այն է ''քաջութեամբ վկայել Տէր Յիսուսի Յարութիւնը''։

Եթէ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ կայ ներդաշնակութիւն, կայ նաեւ քաջութիւն` քաջութիւնը վկայելու Յարուցեալ Տէրը - ըսաւ Սրբազան Հայրը Քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.