2016-04-05 09:30:00

Ղարաբաղեան տագնապ. Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-Մինսկի Խումբի հանդիպում


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցով Ապրիլ 5-ին, կը հանդիպին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ:  «Մինսկի խումբի ֆրանսացի համանախագահ  Փիեռ Անտրիոն ռուս եւ ամերիկացի համանախագահներուն հետ միասին Ապրիլ 5-ին Վիեննայի մէջ պիտի հանդիպի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին եւ նաեւ պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի նիստին»,-նշած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Ռոմաին Նատալը

Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն իր «Թուիթըր»ի անձնական էջին վրայ գրած է, թէ ինք զրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հետ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակը կարգաւորելու կոչ ըրած է անոնց:

«Ես նախագահներ Ալիեւին եւ Սարգսեանին ըսի, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը ծայրաստիճան կարեւոր է իրենց երկիրներու կայունութեան, անվտանգութեան եւ բարգաւաճման համար», գրած է ԱՄՆ փոխնախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.