2016-04-05 13:39:00

Ղարաբաղ. Ժամը 12:00-էն դադրած են բոլոր տեսակի փոխհրաձգութիւնները։


Այսօր ժամը 12:00-էն երկկողմանի պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով կրակը դադրեցնելու մասին, քանի որ այս պահուն բանակցային գործընթացներ կ՛ընթանան:

ԼՂՀ ՊԲ լրատուութեան եւ քարոզչութեան բաժնի պետ Սենոր Հասրաթեան «Հետք»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է կրակի դադրեցման երկկողմանի համաձայնութեան լուրը: Ան նշած է, որ այդ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է այսօր` ժամը 12:00-էն, քանի որ բանակցային գործընթաց տեղի կ՛ունենայ:

Յիշեցնենք, որ այսօր Վիեննայի մէջ կը հանդիպի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:








All the contents on this site are copyrighted ©.