2016-04-05 09:55:00

Կարդինալ Վելիօ. ''Գաղթականները վաճառքի ապրանք չեն։


(Ռատիօ Վատիկան) Եւրոպայի միութեան ու թուրքիոյ միջեւ համաձայնագիրը որ կը սահմանափակէ գաղթականներու մուտքը Եւրոպա ի զօրու դարձած է։ 135 գաղթականներ Յունաստանէն Թուրքիա փոխադրուեցան և անոնց տեղ նոյնքան սուրիացի գաղթականներ Գերմանիա ու Ֆինլանտիա ուղարկուեցան։ Ոչ-կառավարական բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ բողոքեցին վերոյիշեալ համաձայնագիրի դէմ, որակելով զայն որպէս լոկ հաւաքական վտարում և որուն միակ շահաւորն է Թուրքիան` քաղաքական ու տնտեսական գետնի վրայ։

Գաղթականներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարդինալ  Անթոնիօ Մարիա Վելիօ, իր կարգին վերապահութիւնը ու տարակոյս յայտնած է վերոյիշեալ համաձայնագրին նկատմամբ, ընդգծելով թէ այս կարգադրութեամբ կը մերժուի  գաղթելու իրաւունքը։

Ամէնքս գիտենք թէ ինչպէս է Թուրքիան, ան բնաւ չէ եղած ազատութեան ու հանրավարութեան օրինակ։ Թուրքիան ամէն բան կը կատարէ անդամ դառնալու եւրոպական միութեան։ Գաղթականը չի կրնար դառնալ ապրանք-վաճառք մը, ի շահ այդ կամ այն երկրին - ըսած է Կարդինալ Վելիօ։

Թուրքիան ամէն օր դէպի Սուրիա խումբեր կը ճամբէ։ Ո՞վ է հսկողը Թուրքիոյ վրայ։ Այս խեղճ ու անպաշտպան գաղթականը, որ կ՝աշխատի իր ընտանիքին միանալ, դարձեալ ու պարտադրաբար ինքզինք կը գտնէ իր հայրենիքին մէջ։ Միթ՞է գաղթականը ծրար մըն է որ կարելի է ''փոսթայի'' միջոցաւ ետ վերադարձնել, հարց տուած է Կարդինալ Վելիօ հաստատելով թէ գաղթականը անհատ մըն է­­, եւ ոչ թէ ապրանք։ 

Գաղթականներու եւ Փախստականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ապա յայտնած է թէ  ''որպէս պետութիւն պէտք ենք մարդկային մօտեցում ցոյց տալ։ Եւրոպան պարտական է զանազանել գաղթականի ու փախստականի միջեւ տարբերութիւնը։ Գոյութիւն ունի միջազգային համաձայնութիւն մը, ­ ստորագրուած բարգաւաճ երկիրներէն որ կ՛ երաշխաւորէ փախստականին կարելիութիւնը ապրելու իր հայրենիքէն դուրս։ Մինչ ընկերային գաղթականին կարելի է խրատել` ետ տուն վերադարձ, քանի հոս գործ չկայ։ Նոյն տրամաբանութիւնը կարելի չէ գործածել փախստականին հետ որուն միջազգային հասարակութիւնը պարտական է օգնութիւն նուիրել ու անոր պատշաճ կեանքի մը կարելիութիւնը շնորհել։








All the contents on this site are copyrighted ©.