(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան տարւոյն գլխաւոր պտուղներէն մէկն է հաւատացեալներու վերադարձը ապաշխարութեան խորհուրդին` խոստովանանքին։ Անոնցմէ շատերը, տարիներէ ի վեր, չէին մօտենար խոստովանանքին, յայտարարած է գերապայծառ Krzysztof Nykiel. Վարիչը առաքելական դատարանի որ ապա կոչ ուղղած է խոստովանահայրերուն` որպէսզի ըլլան հայրական մարմնաւորումը, որ ապաշխարողին կ՝ըսէ ''բարի եկար տուն''։
Խոստովանանքի խորհուրդը` պաշախարութեան ու դարձի խորհուրդն է. Խորհուրդը հաշտութեան Աստուծոյ հետ, որ ինչպէս կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ` երբեք չի յոգնիր մեզ ներելէ, առ աւելին Ան նոյնիսկ կը մոռնայ մեր մեղքերը։
Յայտնենք թէ Ողորմութեան յոբելենական սուրբ տարին պիտի եզրափակուի Քրիստոս թագաւոր տօնին օրը՝ 20 նոյեմբեր 2016-ին, ս. Պետրոս պազիլիքայի ս. Դրան փակումով։
All the contents on this site are copyrighted ©. |