2016-04-04 14:19:00

Սփիւռքը Հայրենիքի կողքին է. ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն


Ապրիլեան այս օրերուն, Սփիւռքի բոլոր կառոյցները, ներկայացուցիչները, բոլոր հայրենակիցները իրազէկ ըլլալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, մէկ բռունց դարձած, իրենց ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան բանակին։

Այսօր Սփիւռքը հաւաքական ուժ դրսեւորելով  իր հնարաւոր   բոլոր   միջոցները   ի գործ կը դնէ փաստելով, որ ինք միշտ եղած է եւ կը մնայ Հայրենիքի կողքին.

Սփիւռքի բոլոր կառոյցները, աւանդական կուսակցութիւնները ամենատարբեր մակարդակներով կը հրապարակեն  Ատրպէյճանի նախայարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններ, տարբեր համայնքներու մէջ բողոքի ձայն կը բարձրացուի   բնակութեան   երկիրներու   իշխանութիւններուն   առջեւ՝ սանձելու Պաքուի ռազմատենչ նկրտումները:

Հոգեհանգստի եւ զօրակցութեան պատարագ կը մատուցուին Սփիւռքի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։

Տարբեր միջոցներով աջակցելու պատրաստակամութիւն կը յայտնուի՝ ընդհուպ մինչեւ ռազմաճակատ հասնիլ։

 Այս բոլորը կը վկայեն հայու միասնական ոգիի եւ Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու վճռականութեան մասին։

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւն








All the contents on this site are copyrighted ©.