2016-04-04 11:17:00

Ուքրանիոյ ի նպաստ քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝ հաստատութեան հաղորդագրութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի, կիրակի 3 ապրիլին , Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, Ուքրանիոյ ի նպաստ կատարած կոչին ի տես ՝ օգնութեան հասնելու համար բռնութեան թիրախ դարձած Ուքրանիոյ ժողովուրդին, Երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին, Քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝ բարեսիրական հաստատութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, լուսարձակի տակ առաւ Ուքրանիոյ ժողովուրդին անհրաժեշտ  եւ կենսական կարիքները։

՝՝Քոր Ոնում՝՝  Մէկ Սիրտ քահանայապետական հաստատութիւնը յայտնեց,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապի ՝ Ուքրանիոյ ի նպաստ կատարած կոչը, կը զուգադիպի այնպիսի պահուն, ուր  ընդհանրապէս Ուքրանիոյ տագնապի մասին քիչ կը խօսուի։ Սակայն ՝ Ուքրանիոյ կացութիւնը ողբերգական  է. Ուքրանիոյ կառավարութեան տարածքին հսկողութեան տակ  գտնուող սահմանագիծին վրայ՝ 800.000-էն աւելի անձեր, կարիքն ունին օժանդակութեանն, իսկ կառավարութեան հսկողութենէն դուրս գտնուող տարածքին՝ օգնութեան կարիքն ունեցող անձերուն թիւը կը գերազանցէ 2.700.000, որոնցմէ  500.000-ը  անյապաղ օժանդակութեան կարիք ունին։

՝՝Քոր Ունում՝՝ բարեսիրական հաստատութիւնը հաղորդագրութաեան մէջ  կը յայտնէ , թէ Ուքրանիոյ մէջ Կաթողիկէ հաւատացնելները երկրի բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը հաշուեն։ Անոնք՝ փոքրամասնութիւն մը ըլլալով հանդերձ, ունին բաւարար կառոյցներ եւ օգնութեան կը հասնին կարիքաւորներուն։

Ֆրաչնսիսկոս Պապի Ուքրանիոյ ի նպաստ դրամահաւաքը,  վերապահուած է անխտիր բոլոր կարիքաւոր անձերուն եւ պիտի բաշխուի կրօնական հաստատութիւններուն միջոցաւ։  Դրամահաւաքը եւ գումարի մատակարարումը վստահուած է ՝՝Քոր Ունում՝՝ հաստատութեան եւ այս առընչութեամբ պիտի կազմուի զանազան կրօններու պատկան պատասխանատուներու միջեւ օգնութիւնները համակարգող յանձնախումբ մը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.