2016-04-03 11:15:00

Աստուածային ողորմութեան Կիրակի օրուայ Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 3 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Աստուածային ողորմութեան տօնին սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներ։
Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Աւետարանը Աստուծոյ ողորմութեան գիրքն է, որ պէտք է միշտ կարդալ, որովհետեւ Յիսուսին կատարած գործերն ու արտասանած խօսքերը, Հօր Աստուծոյ արտայայտութիւններն են։ Սակայն, ըսաւ Սրբազան Հայրը, ամէն ինչ գրուած չէ, ողորմութեան աւետարանը բաց գիրք մըն է, ուր պէտք է շարունակել գրել Քրիստոսի աշակերտներուն ` շօշափելի սիրոյ ներգործութեան նշանները, որոնք ամենալաւ վկայութիւնն են ողորմութեան։

Ամէնքս կանչուած ենք դառնալու Աւետարանի կենդանի շարադրողներ, Բարի Աւետիսը տարածողներ եւ այդ ընելու ենք մարմնական ու հոգեւոր ողորմութեան գործերով, որոնք ամէն մէկ քրիստոնեայի կեանքի ապրելակերպն է։ 

Բայց եւ այնպէս, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, այսօրուայ Աւետարանին հատուածը որ կարդացինք, մեզի կը ներկայացնէ հակասութիւն մը` մէկ կողմէն, աշակերտներու վախը որոնք տունին դռները կը փակեն եւ միւս կողմէն` Յիսուսի առաքելութիւնը, որ զանոնք կ՛առաքէ աշխարհին տանելու ներումի պատգամը։

Մեր մէջ եւս այս հակասութիւնը կրնայ գոյութիւն ունենալ, ներքին պայքար մը, սրտի փակումի եւ սիրոյ կոչին միջեւ, բանալու մեր դռները ու դուրս ելլելու մենք մեզմէ։

Քրիստոս սիրոյ համար` մուտք գործեց մեղքի, մահուան եւ դժոխքի փակուած դռներէն, եւ կ՛ուզէ մուտք գործել մեր իւրաքանչիւրիս մօտ, լայն բանալու համար մեր փակուած սրտերու դռները։

Մեր Վարդապետին մեզի ցոյց տուած ճանապարհը միակողմանի է. մենք մեզմէ դուրս ելլել` վկայելու համար սիրոյ բուժող զօրութիւնը։ Ականատես ենք վիրաւոր եւ վրդոված մարդկութեան մը, որ իր վրայ կը կռէ ցաւի եւ անվստահութեան վէրքերը։ Ի տես ողորմութեան ու խաղաղութեան ցաւալի կոչին, մեզմէ ամէն մէկուն եւս` Յիսուսի հրաւէրը կ՛ըսէ ''Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ''։ Ողորմութեան առաքեալ դառնալ կը նշանակէ դպչիլ Քրիստոսի վէրքերուն, որոնք կը գտնուին  բազմաթիւ եղբայրներու եւ քոյրերու մարմիններու եւ հոգիներու մէջ։ Այդ վէրքերը խնամելով, մենք կը դաւանինք Յիսուսը, ու զայն կը դարձնենք ներկայ ու կենդանի, թոյլ տալով որ ուրիշներ եւս դպչին Անոր վէրքերուն­, ու Թովմասի նման ըսեն ''Տէր իմ եւ Աստուած իմ''։ Այս է մեզի վստահուած առաքելութիւնը։ Ողորմութեան Աւետարանը կը փնտռէ անձեր` որոնք ունին բաց ու համբերատար սիրտ մը, բարի սամարացիներ, որոնք կը ճանչնան կարեկցութիւնը, որոնք գիտեն ձրիաբար սիրել, առանց ոչ մէկ բան ակնկալելու այդ սիրոյն փոխարէն։

 

''Խաղաղութիւն ձեզի''` Քրիստոսի ողջոյնի խօսքն է աշակերտներուն։ Նոյն այս խաղաղութիւնը որ մեր ժամանակակից բազմաթիւ մարդիկ կը սպասեն։ Ոչ թէ բանակցութեան առարկայ խաղաղութիւն մը, այլ խաղաղութիւնը որ կու գայ Յարուցեալի սիրտէն, խաղաղութիւնը որ յաղթեց մեղքին, մահուան ու վախին։ Խաղաղութիւն մը որ կը միացնէ եւ չի բաժներ։ Խաղաղութիւն մը որ միակ չի թողուր։ Խաղաղութիւն մը որ կը ծնի Աստուծոյ ներումէն որ կը փարատէ ամէն տարակոյս սրտերէն։

Մենք ծնած ենք Քրիստոսի մէջ, որպէս գործիքներ հաշտութեան, ամենուրէք տանելու Հօր ներումը ու բացայայտելու Անոր սիրոյ դիմագիծը` ողորմութեան նշաններուն մէջ։

Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է, վերջ չունի եւ չի վհատիր փակումներու դիմաց - ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը եւ հաստատեց թէ ''Աստուած երբեք մեզ մինակ չի թողուր'' ապա քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով շնորհակալութիւն յայտնել Աստուծոյ` այս վեհանձն սիրոյն համար որ կարելի չէ հասկնալ։ Հուսկ հայցեց շնորհքը` երբեք չի յոգնելու  Հօր ողորմութեան դիմելու, ու զայն տանելու աշխարհին։ ''Խնդրենք որ մենք եւս ըլլանք ողորմած, ամենուրէք տարածելու համար Աւետարանի զօրութիւնը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.