2016-04-02 10:25:00

Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահներու միջեւ հանդիպում


ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ 31 մարտին Ուաշինկթընի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին քննարկած են ռազմավարական որոշումներ, որոնց մշակումը կը պահանջէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը:

Հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան միջազգային վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու ղեկավարը հաւաստած է, որ ինք Ֆրանսայի իր պաշտօնակիցին հետ աներկմտօրէն հանդէս կու գայ ՏԱՀԵՇ-ի ոչնչացման օգտին: Օպամա նշած է, որ Ֆրանսան Միացեալ Նահանգներու «առանցքային գործընկերն է» Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական արշաւին մէջ:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ «կը շարունակեն խորացնել Ֆրանսայի հետ գործընկերութիւնը ահաբեկչական ջանքերու շուրջ»:

Իր կողմէ Ֆրանսայի նախագահը ըսած է. «Իսլամականներու ահաբեկչութեան արմատները կը գտնուին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ: Հետեւաբար մենք պէտք է գործենք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ»:

Հոլլանտ աւելցուցած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեան մէջ «Ռաքքան նպատակակէտ է, եւ մենք պէտք է աջակցինք բոլոր այն ուժերուն, որոնք կը կռուին ահաբեկչական այդ կազմակերպութեան դէմ, ներառեալ նախ եւ առաջ «այդ ուղղութեամբ գործող արաբական ուժերը եւ քրտական ուժերը»








All the contents on this site are copyrighted ©.