2016-04-02 11:36:00

Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանը՝ պր․Սամուէլ Մկրտչեան, շաբաթ, 2 ապրիլ 2016, ժամը 10․30-ին, ընկերակցութեամբ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանին քաղաքավարական եւ ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ․ Գազանճեան, օգնական ժողովրդապետ տէր Կարապետ Թադէոսեան, նախկին երեսփոխան եւ նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեան եւ պր․ Սարգիս Նաճարեան։

Աւելի քան կէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին փոխադարձ ծանօթացումէն ետք տեղի ունեցած սրտբաց ու ջերմ զրոյցը շօշափեց  առաւելաբար Լիբանանի իրավիճակը, շրջանային կացութիւնը եւ ասոր ողբերգական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Հայաստանը եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը յուզող առաւելաբար տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց հայրենաբնակ նորահաս սերունդներուն հոգեւոր ու քրիստոնէական դաստիարակութիւնը զօրացնելու եւ մեր ժողովուրդին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը  որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել իր դիմաց ծառացող ամէն դժուարութիւն։ Ան վստահեցուց թէ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը ինչպէս միշտ պատրաստակամ  պիտի ըլլայ գործակցելու հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան հետ։

Դեսպան Մկրտչեան հրաժեշտ առաւ Հոգեւոր Տիրոջմէ ցանկութիւն յայտնելով առաջին իսկ առիթով այցելելու Զմմառու Վանքը։   

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.