2016-04-01 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Կարդինալ Ժորժ Քոթթիէի մահուան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Ժորժ Քոթթիէի մահուան ի լուր, ուրբաթ՝ 1 ապրիլ 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական հեռագիը մը ուղղեց ննջեցեալ ծիրանաւորին հարազատին՝ տիկին Մարի Էմմանուէլ Փասթորէ - Կոթթիէին, որուն մէջ յայտնած է իր խոր վիշտը եւ իր մասնակցութիւնն ու մօտիկութիւնը բոլոր այն անձերու  ցաւին` որոնք  մօտէն ճանչցած եւ գնահատած են  հանգուցեալը։

Ֆրանչիսկոս Պապ գրած է նաեւ,  թէ Ինք Երախտագիտութեամբ կը յիշէ ծիրանաւորին ունեցած ամուր հաւատքն ու անոր սիրալիր հայրականութիւնը,  ինչպէս նաեւ մշակութային եւ եկեղեցական անխոնջ գործունէութիւնը ՝ յատկապէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի ու Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի մատուցած ծառայութիւնը՝ որպէս Քահանայապետական Տան Աստուածաբան։

Նորին Սրբութիւնը ապա Տիրոջ Աղօթք կը բարձրացնէ որպէսզի Տիրամօր եւ Սուրբ Տոմինիքոսի բարեխօսութեամբ, հանգուցեալ ծիրանաւորին  շնորհէ Առաքեալներուն ու հաւատացեալներուն խոստացած վարձատրութիւնը։ Սրբազան հայրը ապա կը շնորհէ իր մխիթարական առաքելական օրհնութիւնը բոլոր այն անձերուն որոնք արժէքաւորած են ծիրանաւորին քահանայական կոչումը ու անոր Եկեղեցւոյ ու Քահանայապետի հանդէպ նուիրումը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.