2016-04-01 09:41:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ Աստուածային Ողորմութեան աղօթքի հսկումն ու Պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի (3 ապրիլ 2016-ին) Զատկուայ երկրորդ կիրակին,  Աստուածային Ողորմութեան Կիրակին է, հաստատուած երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ, 2000-ին։ Այդ օրը նկատուած է Աստուածային Ողորմութեան բարեպաշտութեան կարեւորագոյն օրը։ Յիսուս` 1931-ին, Սրբուհի Ֆաուսթինա  Քովալսքային երեւնալով, անոր յայտնած է իր կամքը` հաստատելու Աստուածային ողորմութեան տօնը։ Յիսուս արդարեւ Սրբուհի Քովալսքային թելադրած էր ''Ես կը փափաքիմ որ Ողորմութեան օր մը հաստատուի. Կ՛ուզեմ որ նկարը որ պիտի գծագրես վրձինով, հանդիսաւոր կերպով օրհնուի Զատկուայ առաջին կիրակի օրը, եւ այդ օրը դառնայ Ողորմութեան տօն''։

Այդ օրուայ ընտրութիւնը ունի նաեւ աստուածաբանական խոր իմաստ։ Կը խորհրդանշէ ամուր կապը ընդմէջ` Սուրբ Զատկուայ փրկութեան խորհուրդին եւ ողորմութեան։ ''Ես կը տեսնեմ թէ փրկութեան ծրագիրը կապուած է Տիրոջմէ խնդրած ողորմութեան ծրագիրին'' կը յայտնէ Քոյր Ֆաութինա Քովալսքան իր գրութիւններուն մէջ անդրադառնալով Յիսուսի այլ խօսքերուն. ''հոգիները կորուստի մէջ են, Հակառակ իմ տառապալի չարչարանքներուս....եթէ անոնք չի պաշտեն Իմ Ողորմութիւնս, յաւիտեանս պիտի կորսուին''։

Այս օրուան առթիւ եւ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 2 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան 6-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ պիտի գլխաւորէ աղօթքի հսկումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Աստուածային Ողորմութեան հոգեւորութեան յարող ընկերակցութիւններու եւ եղբայրութիւններու հազարաւոր անդամները, որոնք այս օրերուն Հռոմի մէջ կը կատարեն` Ողորմութեան Յոբելեանի իրենց ուխտագնացութիւնն ու գիտաժողովը։

Իսկ Կիրակի 3 Ապրիլ 2016-ին, ըստ լատինաց Սուրբ Զատկուայ Բ կիրակին,  Աստուածային Ողորմութեան հոգեւորութեան յարող անձերու Յոբելեանին առթիւ, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական խորանին վրայ, կը գլխաւորէ Սուրբ պատարագի հանդիսաւոր արարողութիւնը, մասնակցութեամբ կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասերուն, ինչպէս նաեւ իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.