2016-04-01 11:05:00

''Ողորմութիւնը կը հրաւիրէ մեզ սրբելու հարստահարուածներու արցունքները''։


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն, քահանայապետական մարմնի պատուիրակութիւն մը, մէկէն չորս ապրիլ 2016-ին, կ՛այցելէ Իրաքի էրպիլ քաղաքը, իր հետ տանելով ֆրանչիսկոս Պապի քաջալերական նամակը որ կը ներփակէ ծիսական առարկաներ ու ֆինանսական նպաստ` իրաքի քրիստոնեաներուն համար։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝օրհնէ Տառապող եկեղեցիներու օգնութիւն քահանայապետական մարմնի պատուիրակութիւնը եւ միաժամանակ իր հայրական հոգատարութիւնը կը յայտնէ բոլոր այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք տաժանելի պայմաններու մէջ կ՝ապրին, ու կը հրաւիրէ պաշտպանել ամէն անհատի  իրաւունքը` ապրելու ու ազատօրէն դաւանելու իր հաւատքը։ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ որ ողորմութիւնը կը հրաւիրէ մեզ սրբելու հարստահարուածներու արցունքները։

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական մարմինի ճամբորդութեան նպատակն է` այցելել Իրաքցի 120 հազար քրիստոնեաները, որոնք Մուսուլէն փախուստ տուին ու ապաստան գտան էրպիլի մէջ։

Վատիկանեան պատուիրակութիւնը որ կը գլխաւորէ գերապայծառ Գաւինա, Քիւրտեսանի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ տեղւոյն առաջնորդ` գերապայծառ Bashar Matti Warda-ի հետ, անոր հետ միասին այցելելով շրջակայ գիւղերը, ուր Տառապող եկեղեցիներու օգնութիւն մարմինը` կառուցել տուած է տուներ 175 ընտանիքներու համար­, ու դպրոցներ 7 հազար մանուկներու համար։ Վատիկանի պատուիրակութիւնը բնականաբար թարգմանը պիտի հանդիսանայ ֆրանչիսկոս Պապին անմիջական հոգատարութեան։ Ան ամէն առիթին կը քաջալերէ ամէնքս չմոռնալու ողբերգութիւնը հալածանքին որուն ենթակայ են Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները, ընդգծելով հարկաւորութիւնը զանոնք խնամելու ու մխիթարելու անոնց ճմլուած սիրտերը։ Ասիկա լոկ եղբայրսիրութիւն մը չէ այլ եւ օգնութիւն մըն է վիրաւոր մարմնին, որ է եկեղեցին, քանի բոլոր քրիստոնեաները, մկրտութեան զօրութեամբ, մէկ են Քրիստոսի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.