2016-04-01 10:59:00

Հետաքննութիւն՝ կարդինալ Պերթոնէի բնակարանի վերանորոգման ծախսերուն վերաբերեալ


(Ռատիօ Վատիկան)  Վերջերս` Իտալական մամուլի մէջ մեծ տեղ գրաւած է Վատիկանի նախկին Պետական քարտուղար` կարդինալ Պերթոնէի 300 մթ տարածութեամբ բնակարանի վերանորոգման աշխատանքներու ծախսերուն բարձր քանակին հարցը, որ արժած է գրեթէ 300.000 Եւրօ, եւ ըստ տարածուած կարծիքներուն, ծախսերուն կէսը ֆինանսաւորած է վատիկանի ''Յիսուս Մանուկ''  անուան բուժարանի նախկին տնօրէնը։

Այս առնչութեամբ Վատիկանի ոստիկանութիւնը հետաքննութիւն մը կատարած է ստուգելու համար նման տարածուած լուրերու ճշմարտութիւնը։ Սոյն լուրը հաստատած է  Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի փոխ տնօրէն` տիար  Կրէկ Պուրքը, աւեցնելով թէ հետազօտութեան ենթարկուած են Մանուկ Յիսուսի հիւանդանոցի նախկին տնօրէն՝  տիար Ժուզեփէ Փրոֆիթի եւ հիւանդանոցի նախկին մատակարար Մասսիմօ Սփինա։

Նշենք,  թէ Կարդինալ Պերթոնէի փաստաբան  տիար Միքելէ Ժենթիլոնի, սոյն առնչութեամբ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է որուն մէջ  նշած է թէ, Կարդինալ Պերթոնէն, անցեալ 8 նոյեմբեր 2013-ին, նամակ մը յղած Յիսուս Մանուկ հիւանդանոցի  երբեմնի տնօրէն Ժուզեփփէ Փրոֆիթի, որուն մէջ հաստատած է թէ ինք անձամբ պիտի հոգայ նիւթական ծախսերուն,  օժանդակութիւններ հաւաքելով բարերարներէ եւ թէ այդ նիւթական օժանդակութիւնները չստանալով ինք անձամբ վճարած է բնակարանի ծախսերը։

Ծիրանաւորին փաստաբանը իր յղած հաղորդագրութիւնը աւարտած է յայտնելով, թէ Կարդինալ Պերթոնէն, իր բնակարանի վերանորոգման  ծախսերուն համար, երբեք նիւթական օժանդակութիւնը չէ խնդրած    Յիսուս Մանուկի հիւանդանոցի  երբեմնի տնօրէնէն եւ ոչ ալ այս ուղղութեամբ ուղղութիւններ  տուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.