2016-04-01 09:33:00

Ասատ պատրաստ է կանխահաս նախագահական ընտրութեան։


Ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնած է, որ ինք պատրաստ է կանխահաս նախագահական ընտրութեան, եթէ սուրիացի ժողովուրդը ատիկա պահանջէ` նշելով. «Նախագահական ուղղակի ընտրութիւն մը աւելի լաւ է, քան ընտրութիւնը խորհրդարանին ճամբով»:

«Միջազգային խաղաղապահ ուժեր Սուրիա բերելը անտրամաբանական է եւ անկարելի» ըսած է Ասատ` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է հաշտութեան հոլովոյթը արագացնել սիրաշահելով այն զինեալները, որոնք պատրաստ են Մոսկուայի, Դամասկոսի եւ Թեհրանի հետ գործակցելով պայքարելու ահաբեկչութեան դէմ, ինչպէս նաեւ կարեւոր է Սուրիոյ մէջ զինադուլի հաստատման հոլովոյթը արագացնել:

«Մենք պատրաստ ենք արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար ներում շնորհելու ոեւէ զինեալի, պայմանով, որ զէնքը վար դնէ», ըսած է Ասատ:








All the contents on this site are copyrighted ©.