2016-03-31 10:40:00

Չինաստանի մէջ Սուրբ Զատկուայ առթիւ հազարաւոր երախաներու կնունք։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ի Յիսուսի հրաշափառ Յարութեան տօնին` Սուրբ Զատկուայ առթիւ Չինաստանի մէջ հազարաւոր երախաներ ընդունեցան սուրբ մկրտութեան խորհուրդը, ապա յատուկ ուշադրութիւն տրուեցաւ նաեւ աղքատներուն։ Փեքինի չորս եկեղեցիներու մէջ մկրտուեցան 400 երեխաներ։ Երկրի զանազան մարզերու մէջ եւս մկրտութիւններ կատարուեցան ու անօճախներուն ճաշեր ու նուէրներ բաշխուեցան, բացատրելով խաչին ու ս. Զատկուայ տօնին նշանակութիւնը։ Նոյնպէս բազմաթիւ հաւատացեալներ իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին չարչարանքի եռօրեայի սուրբ արարողութիւններուն։ Չինաստանի բոլոր քահանաները` աւագ հինգշաբթի օրը, ծերերու, մանուկներու ու անկարներու ոտնլուայի արարողութիւնը կատարեցին։ Յայտնենք թէ Չինաստանի մէջ Քրիստոնէական կրօնը տակաւին հսկումի տակ է կառավարական մարմիններու կողմէ ու քրիստոնեայ քահանաներն ու հաւատացեալները յաճախ կ՛ենթարկուին խուզարկութիւններու եւ խտրականութեան արարքներու։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.