2016-03-31 11:03:00

Հռոմի մէջ սկիզբ առաւ Ողորմութեան Եւրոպական առաքելական վեհաժողովը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 31 մարտ 2016-ին, Հռոմի Սան Անտրէա անուան եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ առաւ Ողորմութեան Եւրոպական Առաքելական վեհաժողովը, որ պիտի երկարի մինչեւ երկուշաբթի՝ 4 ապրիլ 2016, որուն իրենց  մասնակցութինը կը բերեն  քաղաքական  եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։։

Հինգ օր տեւողութեամբ Ողորմութեան առաքելական վեհաժողովին  բացման ողջոյնի խօսքը  կ՛ուղղէ  Կարդինալ Ակոթինօ Վալլինին, մինչ յետմիջօրէին ժամը 2.00-ին, կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորն  կը կատարէ վեհաժողովին առաջին դասախօսութինը որուն կը յաջորդեն զանազան նիւթերու շուրջ այլ զրոյցներ ու վկայութիւններ Ողորմութեան Առաքելութեան մասին։

Հինգշաբթի օրուայ   խիտ յայտագիրը վերջ կը  գտնէ ծիրանաւոր Շոնպորնի մատուցած Սուրբ եւ անմահ պատարագով։

Ուրբաթ, 1 ապրիլ 2016-ին,  համաժողովին երկրորդ օրը, որ սկիզբ կ՝առնէ սուրբ անմահ պատարագով, նախատեսուած է Արեւելեան եւ Արեւմտեան եւրոպական շարք մը երկիներէն ինչպէս նաեւ զանացան քաղաքներու արուարձաններէն,  Ողորմութեան  առաքելութեան մասին վկայութիւններ եւ դասախօսութիւններ, ապա տեղի կ՝ունենայ  ժամասացութիւն  եւ վարդարանի ջերմերենդական աղօթք։

Երեկոյեան ժամը 6.00-էն մինչեւ կէս գիշերին, կոչուած է  ապաշխարութեան գիշեր,  որուն ընթացքին  Հռոմի Ողորմութեան յոբելինական բոլոր  եկեղեցիներուն մէջ հաւատացեալներուն պիտի մատակարարուի խոստովանանքի խորհուրդը։

Շաբաթ 2 ապրիլ 2016-ին, Հռոմի յոբելինական եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՝ունենայ Ողորմութեան մասին քրիստոնէական դասընթացք, Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան պաշտամունք ապա վեհաժողովին մասնակիցները   ուխտագնացութեամբ կ՛այցելեն  Հռոմի չորս կարեւորագոյն եկեղեցիները, հուսկ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ` երեկոյեան ժամը 6.-ին, կը մասնակցին աղօթքի հսկումին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ, առ ի պատրաստութիւնը Աստուածային Ողորմութեան տօնին։

Կիրակի 3 ապրիլի 2016-ին առաւօտեան ժամը 10.00-ին, Ողորմութեան Եւրոպական առաքելութեան համաժողովին վերջընթեր օրը, Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ Ֆրանչիսկոս Պապ կը գլխաւորէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  Աստուածային Ողորմութեան յարող ընկերակցութիւններն ու եղբայրակցութիւնները։ Ապա երկուշաբթի, 4 ապրիլ 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին Հռոմի Սանթօ Սփիրիթօ Ին Սասսիա անուան եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ կայացած, հանդիպումով Ողորմութեան Եւրոպական Առաքելական վեհաժողովը՝ կը հասնի իր աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.