2016-03-31 11:16:00

2016-ի Ապրիլ ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2016-ի Ապրիլ ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի փոքր հողամշակները արդար փոխհատուցում ստանան իրենց արժէքաւոր աշխատանքին համար''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի Ափրիկէի Քրիստոնեաները` քաղաքա-կրօնական հակամարտութիւններու մէջ  վկայութիւն տան Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ` սիրոյ եւ հաւատքի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.