2016-03-30 11:56:00

Ֆրանսահայ բժիշկները Ստեփանակերտի մէջ կ’իրականացնեն անվճար վիրահատութիւններ։


Ընթացիկ տարուան Մարտ 27-ին Արցախ ժամանած ֆրանսահայ բժիշկները, որոնց կազմին մէջ ըդնգրկուած են urologist, plastic surgeon, orthopedist, Ստեփանակերտի Հանրապետական բժշկական կեդրոնին մէջ մինչեւ Մարտ 30 կ’իրականացնեն հիւանդներու անվճար ընդունելութիւն, հետազօտութիւններ, խորհրդատուութիւն եւ վիրահատութիւններ:

«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ֆրանսահայ բժիշկ anesthesiologist-վերակենդանացնող, «Հայ մէդ» կազմակերպութեան նախագահ Յովհաննէս Հեքերեան նշած է, որ արդէն 27 տարի է, որ կ’այցելեն Արցախ եւ կը համագործակցին գործընկերներուն հետ:

«Տարիներ առաջ սկսած համագործակցութիւնը ոչ միայն կը շարունակենք, այլեւ նոր ծրագիրներ կը ստեղծենք ու կ’իրականացնենք, ըստ որուն կը ձգտինք անհրաժեշտ բժշկական ծառայութիւններ մատուցել մեր հայրենակիցներուն: Ունինք բարերարներ, որոնք մեզի կ’օգնեն ծրագիրներու իրագործման համար: Մշտապէս կապի մէջ ենք Արցախի բժիշկներուն հետ եւ այդ ծիրէն ներս իրականացուող ծրագիրներուն մէջ կը ձգտինք ընդգրկել նաեւ ֆրանսացի յառաջատար մասնագէտներու, որպէսզի անոնք այցելեն, տեսնեն Արցախը, տեղի կեանքը, տեղեկութիւններ ունենան Արցախի մասին, յատկապէս այն առումով, որ այստեղ խաղաղութիւն է: Այս անգամ եկած ենք 7 հոգիով` նպատակ ունենալով մեր գործընկերներուն հետ կիսելու բուժման եւ վիրահատութիւններու յառաջատար, ժամանակակից փորձը: Բացի այդ, արդէն իրականացուցած ենք 150 հիւանդի հետազօտութիւն, 18 հիւանդի վիրահատած ենք եւ դեռ 25-30 հիւանդ ալ պէտք է վիրահատուին»,-ըսած է Յովհ. Հեքերեան` աւելցնելով, որ տեղի մասնագիտական եւ տեխնիկական ներուժի հնարաւորութիւնները լրիւութեամբ կը համապատասխանեն եւրոպական չափանիշներուն եւ թոյլ կու տան աշխատիլ ըստ պատշաճի:

«Արցախի մասնագէտները տաղանդաշատ են, միայն թէ պէտք է կամաց-կամաց փոխել բժշկական ծառայութիւններու մատուցման խորհրդային որոշ մօտեցումներ, որովհետեւ կան բուժումներ, որոնք այդ պարագային բաւականին թանկ  կ’արժեն, իսկ ժամանակակից փորձի կիրառումը մատչելի կը դարձնէ այդ ծառայութիւնները»,-նշած է anesthesiologist-վերակենդանացնող Հեքերեան:

Անդրադառնալով հիւանդութիւններու հետազօտութեան արդիւնքներուն` մասնագէտը նկատած է, որ ըստ այդմ կարելի է հետեւութիւն ընել, որ ի տարբերութիւն եւրոպական երկիրներու, մասնաւորապէս շաքարախտի հիւանդութիւնը Արցախի մէջ շատ քիչ տարածում ունի, որովհետեւ տեղի սնունդը աւելի որակեալ ու միջավայրը մաքուր է:

Յովհաննէս Հեքերեանի խօսքով` առկայ են նաեւ հիւանդութիւններ, որոնց կանխարգելումն առաւել նպատակայարմար է` համակարգային մօտեցմամբ: Մասնաւորապէս տարածուած սրտի կաթուածներու heart attack and stroke թիւը շատ կը նուազի, եթէ հասարակական վայրերու մէջ խստիւ արգելուի ծխելը:

Քաղուած Հայերն Այսօրէն








All the contents on this site are copyrighted ©.