2016-03-30 09:38:00

''Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն'' մարմինի կոչը չմոռնալու հալածուած քրիստոնեաները։


(Ռատիօ Վատիկան) 2016-ի Մարտ ամսոյն ընթացքին քրիստոնեաները թիրախ եղան ծայրայեղ ու մոլեռանդ մահմետականներու։

27 մարտին Լահորի քրիստոնեաները, մինչ կը տօնախմբէին սուրբ Զատիկը, զբօսայգիի մը մէջ, թիրախ եղան մոլեռանդ մահմետականներու մահաբեր յարձակումներուն։ 4 մարտին, Եամէնի մէջ, ծայրայեղ մահմետականներ սպաննեցին կալկաթայի Մայր Թերեզայի միաբանութեան անդամ չորս քոյրեր։

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական մարմինը, անգամ մը եւս, միջազգային հասարակութենէն կը խնդրէ, որ վերջ դրուի նման ողբերգութիւններուն, որոնք արդիւնքն են կրօնական անհանդուրժողականութեան։ Նշենք որ քրիստոնեաները աշխարհի մէջ ամենէն աւելի հալածուած անհատներն են։ Դժբախտաբար Փաքիստանի, Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաները, մահմետականներէն կը նկատուին որպէս Արեւմուտքի ներկայացուցիչներ, ուստի կը համարուին հալածանքի առարկայ։

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն քահանայապետական մարմինը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ որ միջազգային մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ Փաքիստանի քրիստոնեաներու սպանդի մասին, ինչպէս նաեւ եւրոպական խորհուրդը, ԱՄՆ-ի հետ միասին, յայտարարեցին թէ Միջին Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւններու սպանութիւնը ցեղասպանութիւն է։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, իր կարգին, աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու մասին խօսելով, մատնանշեց թէ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ զօրութիւնը`որ կործանում չէ, այլ սէր է, Աստուծոյ արդարութիւնը վրէժխնդրութիւն չէ` այլ ողորմութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.