2016-03-30 11:14:00

''Ողորմութիւնը մեղքը կը քաւէ'' Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօր կ՛աւարտենք Հին Կտակարանին մէջ պարունակուած, ողորմութեան մասին խորհրդածութիւնները, ու այս մէկը կ՛ընենք խորհրդածելով 51-րդ Սաղմոսի մասին ` Խոնարհ զղջումը, որ կը հայի ապաշխարութեան աղօթքի մը, որուն մէջ ներումի խնդրանքէն առաջ կայ յանցանքի խոստովանութիւնը, որուն մէջ սաղմոսերգուն` բիւրեղացած Տիրոջ սիրով, կը դառնայ նոր արարած մը, կարող հնազանդութեան, հոգիի ամրութեան եւ անկեղծ գովասանքի։ Այս բառերով է որ` 30 Մարտ 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ սկիզբ տուաւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներ։ 

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ այս սաղմոսը կը հայի Դաւիթ Մարգարէի Բերսաբէի` Ուրիայի կնոջ  հետ գործած մեղքին։ Դաւիթ կը դաւաճանէ իրեն յանձնուած առաքելութիւնը եւ Բերսաբէի հետ կը շնայ, ապա կը հրահանգէ սպանել տալ անոր ամուսինը։ Նաթան մարգարէն` ի յայտ կը դնէ Դաւիթի  մեղքը ու զինք կը մղէ ընդունելու զայն։ ''Պահն է Աստուծոյ հետ հաշտութեան, խոստովանանքի'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա արտասանեց սաղմոսը. ''Ողորմեա՛ ինձ, Աստուա՛ծ, ըստ մեծի ողորմութեան քում, ըստ բազում գթութեան քում քաւեա՛ զանօրէնութիւնս իմ: Առաւել լուա՛ զիս յանօրէնութենէ իմմէ, եւ ի մեղաց իմոց սուրբ արա՛ զիս'':

''Այս աղերսը ուղղուած է Ողորմութեան Աստուծոյ որպէսզի մղուած վեհանձն սերէ, հօր եւ մօր նման, գթայ, ներէ, ու ցոյց տայ իր բարութիւնն ու հասկացողութիւնը'' յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ Աստուծոյ ուղղուած սրտաբուխ աղօթքը` միակն է որ կրնայ մեզ մեղքէն ազատել։

Աստուած աւելի մեծ է մեր մեղքէն եւ իր սիրով ովկիանոս մըն է, որուն մէջ կրնանք անվախ  մխրճուիլ։ Աստուծոյ համար ներել կը նշանակէ մեզի հաւաստիութիւնը տալ թէ Ինք մեզ երբեք մինակ չի թողուր։ ''Ինք միշտ աւելի մեծ է ամէն բանէ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները իր հետ միասին կրկնելու ''Աստուած աւելի մեծ է մեր մեղքէն'' նախադասութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մատնանշեց թէ այն որ այս սաղմոսը կ՛աղօթէ, ներում կը փնտռէ, կը խոստովանի իր յանցանքը, եւ զայն ճանչնալով կը դաւանի Աստուծոյ արդարութիւնն ու սրբութիւնը։ Ապա կը հայցէ ներում եւ ողորմութիւն։ Սաղմոսերգուն կը վստահի Աստուծոյ բարութեան, գիտէ թէ աստուածային ներումը արդիւնաւէտ է, ան մեղքը կը կործանէ ու կը ջնջէ եւ ապաշխարած անձը կը բիւրեղանայ։

Մենք մեղաւորներս, ներումի միջոցաւ, կը դառնանք նոր արարածներ, լեցուած սուրբ հոգիով։ Նոր իրականութիւն մը թափ կ՛առնէ, նոր սիրտ մը, նոր հոգի մը, նոր կեանք մը։ Մենք ներուած մեղաւորներս որ ընկալեցինք Աստուածային շնորհքը, կարող ենք այսուհետեւ ուրիշներուն սորվեցնել որ չմեղանչեն։

''Սիրտ սուրբ հաստատեա յիս Աստուած, եւ հոգի ուղիղ նորոգեա՛ ի փորի իմում: Ուսուցից անօրինաց զճանապարհս քո, եւ ամպարիշտք առ քեզ դարձցին''։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,  ըսաւ ապա Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, ամէնքս կարիքը ունինք Աստուծոյ ներումին որ` Անոր ողորմութեան ամենամեծ նշանն է։ Պարգեւ մը որ ամէն մէկ ներուած մեղաւոր կանչուած է բաժնեկցելու իրեն հանդիպած եղբօր ու քրոջ հետ. ''Ամէնքս կարիքը ունինք Աստուծոյ ողորմութեան'' ըսաւ դարձեալ Քահանայապետը եւ հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը` Ողորմութեան  Մայրը,  որպէսզի մեզի համար ընդունի շնորհքը ըլլալու ներումի վկաներ, որ սիրտը կը բիւրեղացնէ եւ կեանքը կը կերպարանափոխէ։ 

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, հուսկ յատուկէն ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, հրաւիրելով զանոնք նայելու Յարուցեալ Քրիստոսին ու դիմելու Անոր առօրեային մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.