2016-03-30 11:38:00

Հայ համայնքը Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պարզաբանում կը պահանջէ։


Թուրքիոյ հայկական համայնքը պէտք է պահանջէ իշխանութիւններէն` պարզաբանել եկեղեցիներով առկայ տարածքներու պետականացման մասին որոշումը: Այս մասին «Արմէնփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքի նշած է Ստամբուլի հայկական «Ակօս» պարբերականի հայերէն բաժնի պատասխանատու խմբագիր Բագրատ Էստուկեան:

«Թուրքիոյ իշխանութեան որոշումը վիճարկելի է: Գործնականօրէն հաւանական չէ, որ պետութիւնը եկեղեցին վերցնէ: Մենք հակուած ենք կարծելու, որ խօսքը զուտ տարածքներու պետականացման կը վերաբերի: Այդ տարածքներուն մէջ գտնուող եկեղեցիներուն չի վերաբերիր: Այդուհանդերձ, հայկական համայնքը պէտք է պահանջէ իշխանութիւններէն պարզաբանել այդ հարցը»,- ըսած ­է Բագրատ Էստուկեան:

Անոր խօսքով, այստեղ այլ տեսանկիւնէ ալ վիճարկելի հարց կայ: Մասնաւորապէս, այն տարածքները, որոնք թրքական իշխանութիւնը կը պետականացնէ, այդտեղ կան հատուածներ, որոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան մաս կը կազմեն: Հետեւաբար, ըստ, Բագրատ Էստուկեանի, այստեղ շարք մը վիճելի հարցեր կան: Ամէն պարագայի, եթէ պարզուի, որ եկեղեցիները նոյնպէս կը պետականացուին, ապա հայկական համայնքը պիտի վիճարկէ այս հարցը:

«Վերջին 3 ամսուայ ընթացքին Տիրապեքիրի այդ հատուածին մէջ ծանր քաղաքացիական պատերազմ է: Եկեղեցիին ծխական խորհուրդը չէ կրցած տեսնել եւ չի պատկերացներ, թէ որքանով Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին ﬖասուած է: Կաթոլիկ եկեղեցիին մասին լուսանկարներով պատկերացում ունինք, բայց թէ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին որքանով ﬖասուած է, չենք գիտեր»,- ըսած է­ Բագրատ Էստուկեան` նկատելով, որ այս հարցերու հետ կապուած այլ փոքրամասնութիւններու հետ նոյնպէս աշխատանք կը տարուի, իսկ Տիրապեքիրի շրջանային քրտական իշխանութիւնները իրենց կողքին են:

Տիարպեքիրի Սուր գաւառին մէջ թրքական ռազմական ուժերուն կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն զուգահեռ Թուրքիոյ Նախարարներու խորհուրդը Սուրի տարբեր թաղամասերուն մէջ բազմաթիւ շէնքերու ու տարածքներու անյապաղ պետականացման մասին որոշում  կայացուցած է: Պետականացման ենթարկուած կառոյցներու շարքին է նաեւ Միջին Արեւելքի ամենաﬔծ հայկական եկեղեցին` Սուրբ Կիրակոսը: Խորհուրդի նոյն որոշումով օտարման կ՛ենթարկուին նաեւ Տիարպեքիրի ասորական, քաղդէական եւ բողոքական եկեղեցիները:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.