2016-03-29 10:56:00

ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհի ամենէն աւելի սիրուած ու գնահատուած անձնաւորութիւնն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Ըստ ''WIN/Gallup'' միջազգային վիճակագրութեան, որ ճանչցուած է որպէս ընկերաբանութեան մեծագոյն մարմինը, ֆրանչիսկոս Պապը աշխարհի ամենէն աւելի սիրուած ու գնահատուած անձնաւորութիւնն է։

Քահանայապետը յարգուած է, ոչ միայն քրիստոնեաներէն այլ բոլոր կրօններու կրօնապետերէն, նոյնիսկ աստուածամերժերէն ու թերահաւատներէն որոնք կը գնահատեն զինք ու ազդուած են անոր անձնաւորութենէն։

WIN/Gallup-ի համաձայն, կաթողիկէներն ու հրեաները ամենէն աւելի լաւ համարում ունին ֆրանչիսկոս Պապին նկատմամբ։ Երկրագունդի քաղաքական ղեկավարներու բաղդատմամբ, ֆրանչիսկոս Պապ 11 կէտ աւելի ունի` քան ԱՄՆի նախագահ Օպաման, եւ 13 կէտ աւելի` Մերքելէն։

Միջազգային WIN/Gallup-ի նախագահ` Jean-Marc Leger-ի համաձայն, վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ որ երկրագունդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը շատ նպաստաւոր տեսութիւն ունի ֆրանչիսկոս Պապին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.