2016-03-29 10:27:00

Սուրիական բանակը ազատագրեց Փալմիր քաղաքը։


«ՍԱՆԱ».- 27 Մարտի առաւօտեան, սուրիական բանակն ու ժողովրդային ինքնապաշտպանողական խումբերը, բուռն բախումներէ ետք, վերջնականապէս ազատագրեցին հնագիտական Փալմիր քաղաքն ու ականազերծեցին անոր բոլոր հրապարակները, պատմամշակութային վայրերն ու օդակայանը։

«ՍԱՆԱ»-ի տուեալներով ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը քաղաք թափանցելէն ի վեր( Մայիս 2015-ին), ահաւոր սպանդներ գործեց՝ սպաննելով տեղւոյն բնակչութենէն աւելի քան 500 քաղաքացիներ եւ սուրիացի հնագէտ Խալետ ալ Ասաատ, ապա նաեւ քանդեց քաղաքի հնագիտական կարեւոր արժէքները, ինչպէս քաղաքի Յաղթանակի Կամարը, Պաալ Շամին եւ Պել տաճարները, ազգային թանգարանը եւ այլն։

UNESCO-ն մտադիր է յառաջիկային դիտորդական առաքելութիւն ուղարկել գրոհայիններէն ազատագրուած Փալմիր քաղաք, սակայն ատոր համար կը պահանջուի, որ երկրին մէջ կայունանայ անվտանգութեան մակարդակն ու քաղաքական իրավիճակը:

Վկայակոչելով «ՌԻԱ-Նովըսթի»ն՝ Artsakhpress.am կը նշէ, թէ այս մասին յայտնած է UNESCO-ի մշակոյթի արտակարգ խումբի ղեկավար Ճովանի Պոգարտին:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Փալմիր քաղաքը «իսլամական պետութեան» գրոհայիններէն վերջնականապէս ազատագրելու մասին սուրիական բանակը յայտարարած էր երէկ:

Ազատագրման գործողութիւնները ընթացած են ՌԴ օդատիեզերական ուժերուն աջակցութեամբ:

Փալմիրի հնագոյն աւերակները UNESCO-ի համաշխարհային ժառանգութեան մաս կազմող 6 կառոյցներէն մէկն է Սուրիոյ տարածքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.