2016-03-29 10:15:00

Նախագահ Սարգսեան աշխատանքային այցով ԱՄՆ կը գտնուի։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 28 մարտէն սկսեալ աշխատանքային այցելութիւն կու տայ Միացեալ Նահանգներ` մասնակցելու Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովին, որուն ծիրին մէջ նախագահը նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ: Պոսթընի մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ Մասաչուսեցի նահանգապետին, համայնքային ղեկավարներուն եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն հետ: Ան պիտի հիւրընկալուի Մասաչուսեցի արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ, պիտի այցելէ այդ հաստատութեան մետիա կեդրոն, «Սամպըրկ» համաժողովներու կեդրոնին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ամերիկահայ գիտնականներու հետ: Նախատեսուած է նաեւ նախագահին հանդիպումը «Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակառուներուն եւ շրջանաւարտներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.