2016-03-29 12:35:00

Առեւանգուած Եգիպտական օդանաւին մԷջ ՀՀ քաղաքացիներ կամ ազգութեամբ հայեր չկան


Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախնական տուեալներով Ալեքսանտրիայէն Գահիրէ թռիչք իրականացնող EgyptAir ընկերութեան առեւանգուած օդանաւին մէջ ՀՀ քաղաքացիներ կամ ազգութեամբ հայ անձիք չկան:

Այս մասին կը հաղորդէ Գահիրէի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ֆէյսպուքեան էջը:

Դեսպանութիւնը կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման: Նոր տեղեկութիւններու առկայութեան պարագային կը հաղորդուի լրացուցիչ:

Բանակցութիւններու արդիւնքով` առեւանգուած օդանաւէն ազատ արձակուած են բոլոր եգիպտացի ուղեւորները: Այս մասին Թուիթըրի իր պաշտօնական էջին մէջ յայտնած EgyptAir  ընկերութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդուի,  այս պահուն առեւանգուած օդանաւին մէջ կը շարունակեն մնալ միայն անձնակազմի անդամները եւ չորս օտարերկրացիներ, որոնք ԱՄՆ-ի եւ Մեծ Բրիտանիոյ քաղաքացիներ են:

EgyptAir-ին պատկանող եւ Ալեքսանդրիա-Գահիրէ թռիչքը իրականացնող օդանաւին մէջ, ըստ պաշտօնական տեղեկութիւններու, եղած է 81 ուղեւոր եւ անձնակազմի 7 անդամ: Առեւանգուելէն ետք օդանաւը վայրէջք կատարած է Կիպրոսի Լառնաքա քաղաքի օդակայան, ուր կը գտնուի մինչեւ այս պահը:

Կը նշուի, որ առեւանգիչը բանակցութիւններու ժամանակ պահանջած է օդակայանի տարածքէն հեռացնել ոստիկանական ուժերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.