2016-03-28 15:03:00

''Բռնութիւնն ու ատելութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի ցաւ ու կործանում''. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 28 մարտ 2016-ին , Յիսուսի Սուրբ Յարութեան տօնի յաջորդ օրը,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Առաքելական պալատի գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ՝՝Ուրախ Լեր՝՝ Մարեմեան աղօթքը ու կատարեց    խորհրդածութիւն մը,  որուն մէջ ըսաւ.''այսօր` Սուրբ Զատկուայ յաջորդ օրը, Հրեշտակի երկուշաբթին է, մեր սիրտերը տակաւին լի են Սուրբ Զատկուայ ուրախութեամբ''։

Քառասնորդացի՝ դարձի գալու եւ ապաշխարութեան շրջանէն ետք,  որուն ընթացքին եկեղեցին իր ամբողջութեամբ ապրեցաւ Ողորմութեան Սուրբ Տարին,  այսօր եւս կանգ կ՝առնենք Յիսուսի դատարկ դամբարանին դիմաց, հմայքով եւ երախտապարտ հոգիով խոկալու՝ Տիրոջ Սուրբ Յարութեան մեծ խորհուրդի մասին, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց ''Կեանքը յաղթեց մահուան, Ողորմութիւնն ու սէրը յաղթեցին մեղքին։  Կարիքը կայ յոյսի ու հաւատքի,  բացուելու համար այս նոր հրաշալի հորիզոնին։  Եւ մենք գիտակից ենք, թէ հաւատքն ու յոյսը Աստուծոյ պարգեւներն են եւ պէտք ենք զանոնք Իրմէ խնդրել։ ''Տէր իմ, տուր ինծի, տուր մեզի հաւատքն ու յոյսը, որուն շատ կարիքը կը զգանք''։

Ֆրանչիսկոս Պապ  խորհրդածութեան ընթացքին հրաւիրեց ''Ողորմութեան Յոբելենական Սուրբ Տարուան ընթացքին,  վերագտնելու եւ ընկալելու Յարութեան մխիթարիչ աւետիսը . Քրիստոս,  իմ յոյսս,  Յարութիւն առաւ։ Եթէ՝ Յիսուս յարութիւն առաւ, նոր աչքերով ու նոր սիրտով կրնանք նայիլ մեր կեանքին իւրաքանչիւր անցուդարձին, նաեւ ժխտական թուող դէպքերուն։ Խաւար պահերն ու ձախողութեան, ինչպէս նաեւ մեղքի պահերը, կրնան փոխակերպուիլ եւ աւետել նոր ուղի մը։  Երբ՝ մեր թշուառութեան ու տկարութեան  յատակը դպչինք,  յարուցեալ Քրիստոսը մեզի ուժ  կը շնորհէ, վերականգնելու համար։։ Եթէ, ապաւինինք Քրիստոսի, Անոր շնորհքը մեզ կը փրկէ։ Խաչեալ ու Յարուցեալ Տէրը՝ Ողորմութեան լիակատար  յայտնութիւնն է։  Ահա՝ այս է Սուրբ Զատկուայ պատգամը, որ այսօր  կ՝արձագանգէ  եւ  պիտի շարունակէ  արձագանգել  ամբողջ Սուրբ զատկուայ օրերուն, մինչեւ Պենտեկոստէի օրը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  ակնարկեց Տիրամօր`  ըսելով. ՝՝Յիսուսի չարչարանքներու ու յարութեան լուռ վկան եղաւ՝ Տիրամայրը։ Ան, խաչին մօտ կանգնած մնաց եւ ծունկի չ՛եկաւ տառապանքի դիմաց, մայրական խոցուած  սրտին մէջ միշտ վառած մնաց յոյսի ճրագը''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հրաւիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրել, որ օգնէ մեզի, լիուլի ընկալելու Սուրբ  Զատկուայ Յարութեան պատգամը,  շօշափելի կերպով զայն  ապրելու  համար մեր առօրեայ կեանքին մէջ։

''Թող Սուրբ կոյս Մարիամը պարգեւէ մեզ հաւատքի ճշմարտութիւնը, որպէսզի  մեր ուղեւորութեան իւրաքանչիւր  տառապանքի քայլ, լուսաւորուած Սուրբ Զատկուայ ճրագէն, դառնայ օրհնութիւն եւ ուրախութիւն՝ մեզի եւ ուրիշներուն համար,  յատկապէս անոնց համար, որոնք եսասիրութեան  եւ անտարբերութեան հետեւանքով կը տառապին'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ` խորհրդածութեան  աւարտին, արտասանեց ՝՝Ուրախ Լեր՝՝ Մարեմեան աղօթքը , որմէ ետք անդրադառնալով կիրակի 27 մարտին,  Փաքիստանի մէջ ահաբեկչական անձնասպանական գործողութիւններուն, իր ցաւն ու մօտիկութիւնը յայտնեց անմեղ զոհերուն նկատմամբ, ապա  կոչ ուղղեց երկրի  քաղաքացիական իշխանութիւններուն, որպէսզի ոչ մի ջանք խնայեն  ժողովուրդին ապահովութիւն ու խաղաղութիւն երաշխաւորելու համար, յատկապէս երկրի կրօնական փոքրամասնութիւններուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա  դատապարտեց նման տմարդկային արարքները ու խնդրեց աղօթել Փաքիստանի  անմեղ զոհերուն ու երկրի փոքրամասնութիւններուն համար.

 ՝՝Դարձեալ կը կրկնեմ,  թէ բռնութիւնն ու ատելութիւնը  կ՝առաջնորդեն լոկ դէպի ցաւ ու կործանում'', ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց ''յարգանքն ու եղբայրութիւնը, միակ ուղիներն են հասնելու՝ խաղաղութեան։  Ձեզ բոլորիդ կը հրաւիրեմ՝ աղօթելու  Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը, ահաբեկչական գործողութեան թիրախ դարձած անմեղ զոհերուն համար, անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, ինչպէս նաեւ երկրի փոքրամասնութիւններուն՝ քրիստոնեաներու ու այլ ցեղերու պատկանող անհատներու դիտաւորութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.