2016-03-27 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական հեռագիրը Իրաքի մէջ պատահած ահաբեկչութեան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 27 Մարտ 2016-ին, Սուրբ Զատկուայ տօնին օրը, Վատիկանի Պետական քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Իրաքի մէջ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ալպերթօ Օրթեկա Մարթինիին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, յղեց ցաւակցական հեռագիր մը, ի լուր Իրաքի Իսքանտարիէ մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին։

Հեռագիրին մէջ, Պետքարտուղարը, խնդրելով որ պատգամը փոխանցուի երկրի ազգային պատկան մարմիններուն, յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւններն ու աղօթքները, բազմաթիւ զոհերուն համար ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար, անոնց վրայ հայցելով Աստուածային ողորմութիւն եւ մխիթարութիւն անոնց որոնք կը տառապին։

Կարդինալ Փարոլին ապա յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛աղօթէ որպէսզի այս անիմաստ բռնութեան արարքի դիմաց, Իրաքի ժողովուրդը ամրապնդուած մնայ այն վճռակամութեան մէջ` մերժերու ատելութեան եւ հակամարտութեան ուղիները ու աշխատելու միասնաբար անվախ, ի սպաս` փոխադարձ յարգանքի, համերաշխութեան եւ ազատութեան ապագայի։








All the contents on this site are copyrighted ©.