2016-03-27 08:00:00

Կիրակի 27 Մարտ 2016 ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ (Մարկոս ԺԶ. 2-8)


...Եւ յարութամբ իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց...

Քրիստոսի բոլոր կեանքը, անոր չարչարանքներն ու մահը ուղղուած են դէպի մէկ կէտ-նպատակ մը, անոր յաղթական յարութիւնը մեռելներու մէջէն։ Իր մարմինը գերի չմնաց մարմնաւոր ու մարդկային վիճակի պայմանաւորումին. Ան փտութեան ենթակայ չեղաւ հողին տակ։ Աստուածային հոգին փչեց անոր վրայ եւս անմահութեան ու անապականութեան շունչը եւ Քրիստոսի մարդկային բնութիւնը իր ամբողջութեամբ` մարդկային մարմնով ու մարդկային հոգիով` միացաւ աստուածային անեղծ ու անմահ բնութեան, վայելելով անապականութեան պտուղը։

Բնական է որ Քրիստոս, Աստուծոյ Բանը, աստուածամարդը, չէր կրնար մնալ գերեզմանին ենթակայ. Ան անպայման յարութիւն պէտք էր առնել, ապա թէ ոչ` իր բոլոր ուսուցումը այս երկրի վրայ պիտի մնար ապարդիւն եւ առանց որեւէ ազդեցութեան մարդոց վրայ. Արդարեւ ի՞նչ բանի պիտի ծառայէր ըլլալ խոնարհ, աղքատ, հալածուած ու մերժուած աշխարհէն, հրաժարիլ իր ինչքերէն, խաչը կրել ու կամաւորապէս չարչարանքի ենթարկուիլ, եթէ երկնատուր հատուցում մը պիտի չըլլար կեանքի վերջաւորութեան։ Եթէ ամէն մարդու կեանքը պիտի վերջանար հաւասարապէս գերեզմանին մէջ` ինչու՞ հարկ էր հետեւիլ Քրիստոսի փրկուելու համար։ Ուստի եթէ Քրիստոս ինք նախ յարութիւն չ՛առնէր գերեզմանէն, իր քարոզած պատգամը անընդունելի պիտի ըլլար բոլորին կողմէ։

Այո՛ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց, մահուամբ յաղթեց մահուան, ինչպէս կը հնչէ մեր փառաւոր շարականը. Սակայն ի՞նչ օգուտ եթէ մենք մարդիկս` պիտի մնանք գերեզմաններուն մէջ եւ յարութիւն պիտի չառնենք։ Շարականը կ՛աւելցնէ. Եւ յարութեամբ իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց։ Ան մեզի պարգեւեց նոյն յաւիտենական կեանքը, տեւական երջանկութեամբ շրջապատուած, որուն արժանի պիտի դառնանք եթէ ապրինք իր օրէնքին համաձայն, իր սորվեցուցած վարդապետութեան հետեւելով. Այս յարութիւնը պիտի չըլլայ անմիջական, Քրիստոսի յարութեան նման, այլ աշխարհի վերջաւորութեան, երբ բոլոր մարդիկը յարութիւն պիտի առնեն։ Մինչ այդ` սակայն արդարներու հոգիները անմիջապէս պիտի վայելեն արդէն Քրիստոսի խոստացած երջանկութիւնը երկնքի արքայութեան մէջ։

Ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Յիսուսի յարութեան յաղթանակը աշխարհ եւ անոր իշխանին վրայ։ Սատանան ամէն ջանք թափեց որպէսզի Յիսուս հրաժարի այս ծրագրէն եւ չենթարկուի խաչելութեան անարգ մահուան։ Երբ Պետրոս կ՛ուզէր զգուշացնել Յիսուսը որ այդպիսի մահ մը չպատահի իրեն, շատ խիստ բառերով` Յիսուս անմիջապէս վռնտեց զինք ըսելով. Կորսուէ ասկէ, սատանայ։ Ձիթենեաց պարտէզին մէջ` երբ փորձուեցաւ խնդրել Հօրմէ որ հեռանայ իրմէ այս բաժակը, այսինքն այդ ծանր ու տաժանալից մահը որ կը սպառնար իրեն. Բայց ետ ինքիրեն եկաւ, ու խնդրեց որ իր կամքը չըլլայ, այլ Հօր կամքը։ Այսպէս ուրեմն, Քրիստոս յաղթեց սատանային ու անոր սադրանքներուն` մեռնելով եւ ապա յարութիւն առնելով. Սատանան չի կրցաւ խափանել Քրիստոսի մահը. Ան անկարող է խափանելու իր պանծալի յարութիւնը։ Իսկ եթէ մենք հաւատացեալներս Քրիստոսի անուան, հաւատարիմ մնանք իր պատգամին, մենք եւս զերծ պիտի մնանք բանսարկուին յարձակումներէն եւ մեր վրայ եւս ան պիտի չկարենայ բանեցնել իր իշխանութիւնը։

Սիրելի հաւատացեալ, խնդրենք Քրիստոսէն որ մեզ եւս մասնակից դարձնէ իր յարութեան արդիւնքներուն, տալով կեանք եւ յաւիտենականութիւն. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.