2016-03-26 09:37:00

Յարուցեալ Քրիստոսը կը հրաւիրէ մեզ ընտրելու նոր կենսակերպ մը իր սիրոյն եւ հաւատքին մէջ


Ծոմապահութեան քառասուն օրերէն ետք,  այսօր կը տօնակատարենք Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը,  տօն մը որ վերանորոգ տրամադրութեամբ կը նշենք ամէն տարի։

Զատիկը իմաստալից օր մըն է մեզի՝ քրիստոնեաներուն համար, որովհետեւ ան կը խորհրդանշէ  անցքը մեղքէն դէպի ապաշխարութիւն, մահէն դէպի յարութիւն, խաւարէն դէպի լոյս։ Այս օրը մեզի կը յիշեցնէ Մովսէսի օրերը, երբ հրեաները Կարմիր Ծովը կտրելով ազատեցան եգիպտացիներու ստրկութենէն։

Այս առաւօտեան տօնակատարումով՝  մենք կը փառաբանենք  Քրիստոսը, որ յաղթահարելով մահը՝ վերադարձաւ դէպի կեանք։ Մահէն անցաւ դէպի կեանք։

Յարութեան տօնը կը լուսաւորէ մեր կեանքին այն բոլոր հանգրուանները որոնք կը բնորոշեն մեր էութիւնը։ Յիսուսի մահէն դէպի կեանք անցքը  մեր առջեւ կը բանայ մեզ աւելի հեռուն տանող ճանապարհը։ Այսինքն,  մեզի առիթը կ’ընծայէ Իրեն հետ կտրելու այն վտանգալից ճանապարհը, որով կ’ազատինք մեղքի ստրկութենէն եւ կ’ուղղուինք դէպի յարութիւն, դէպի շնորհքի տարի։ Գերութենէն դէպի ազատութիւն եւ մեր հոգիի փրկութիւն…, յիշելով որ մեր մկրտութեամբ մենք ալ յարութիւն առինք Իրեն հետ եւ մուտք գործեցինք նոր  կեանք, այն հաստատ համոզումով որ այսուհետեւ ոչ ոք կրնայ մեզ հեռացնել ու բաժնել իր սէրէն։

Այսօր հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ կրնանք երգել մեր «Ալէլուեա»ն, Իրեն շնորհակալութիւն յայտնել այն բոլոր գեղեցիկ շնորհներուն ու բարիքներուն համար զորս մեզի կը պարգեւէ։  Յարութեամբ Յիսուս մեզի հետ կը մնայ մինչեւ աշխարհիս կատարածը։

Քրիստոսի յարութեան առաջին վկաները եղան կիները եւ ոչ թէ առաքեալները, որովհետեւ անոնք զինք չլքեցին մինչեւ Խաչը եւ պատիւը ունեցան Յարութեան աւետիսը տալու առաքեալներուն եւ համայն մարդկութեան։

Սուրբ Պետրոս ապշած մտաւ գերեզման եւ չհասկցաւ քրիստոնեաներուն նոր պատկերը։  Մենք ալ՝ երբ չարը մեզ կը խեղդէ, երբ կը դիտենք աշխարհի բոլոր կողմերը բռնկած պատերազմները եւ ահաբեկչութիւնը, մենք ալ մեծ դժուարութեամբ կը մտածենք յարուցեալ Քրիստոսի մասին։

Պետրոս մեծ դժուարութիւն ունեցաւ հաւատալու իր Վարդապետի յարութեան։  Պէտք ունեցաւ Անոր հետ բազմաթիւ հանդիպումներ ունենալու, որպէսզի կարենար քաջաբար քարոզել եւ յայտարարել նոր աշխարհին թէ  Մեսիա մը եկած էր իրենց պէս ապրելու, իրենց համար չարչարուելու, իրենց համար մեռնելու եւ յարութիւն առնելու։ Իր վկայութիւնը շատ յստակ էր։ «Իրեն հետ կերանք ու խմեցինք»։ Պենտեկոստէի տօնէն ետք առաքեալներուն առաքելութիւնը եւ վկայութիւնը շատ արագ ընթացաւ՝ շնորհիւ Սուրբ Հոգիի շունչին։

Այդ օրէն ի վեր, «ուրախ եւ Նոր Լուրը» տարածուեցաւ եւ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հասաւ մեզի։  Այսօր հրաւիրուած ենք մեր կարգին  մեզի փոխանցուած «ջահը» հասցնելու մեր ժողովուրդին եւ բարձրաձայն յայտարարելու Յարութեան Հաւատքը։ Մենք որ կ’ապրինք  անհաւատ ու անտարբեր աշխարհի մը մէջ,  պարտական ենք ամէն գնով Նոր Հաւատքի այս Ճշմարտութեան աւետիսը հասցնելու ամէն կողմ։ «Վայ ինծի եթէ չքարոզեմ» ըսինք Լուրտի Սրբուհի Պերնատեթին։  Ինծմէ չի խնդրուիր որ համոզեմ որպէսզի ժողովուրդը հաւատայ այս իրականութեան, այլ «ըսել», «խօսիլ» «աւետարանել» եւ ապա ձգել որ Սուրբ Հոգին ներգործէ իւրաքանչիւրի մտքին ու սրտին մէջ…։

Այս տօնը պիտի տեւէ 50 օր։ Այս ժամանակամիջոցը առիթն է  հրաւէրը բոլորին հասցնելու քաջութիւնը գտնելու, որպէսզի բոլորը նոր կեանք մը ունենան։  Յարուցեալ Քրիստոսը կը հրաւիրէ մեզ ընտրելու նոր կենսակերպ մը ապրելով իր սիրոյն ու հաւատքին մէջ։  Չվախնանք չար ուժերէն ու մահէն։ Աստուած մեզի կը պարգեւէ իր յարութեան շնորհքները եւ  քաջութեամբ ապրելու ուժը։

Եկէք այսօր միասնաբար աղօթենք Յարուցեալ Տիրոջ, որպէսզի գայ եւ մեր  սրտերէն վերցնէ այն քարը որ մեզ խաւարին մէջ կը պահէ։ Թող Անոր Յարութեան լոյսը շողայ բոլորին, համայն աշխարհի վրայ ու հեռացնէ,  խաւարը, չարն ու չարիքը, որպէսզի մարդիկ վերագտնեն Աստուածաշնորհ խաղաղութիւնն ու եղբայրսիրութիւնը։

Փառք Քեզի, ով Տէր Յիսուս,  որ մեռած էիր եւ հիմա յարուցեալ։ Պաշտպանէ կեանքս եւ զիս միշտ պահէ Քու  շնորհիդ մէջ։

Ամէն։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.